Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայաստանի Աներիկեան Համալսարանի 25-ամեակի Տօնակատարութեան


Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2016-ին, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Beverly Wilshire» պանդոկին մէջ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ տօնակատարութեան եւ իր շնորհաւորանքն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց կրթական այս լուսատու կեդրոնի ընտանիքին։

Տօնակատարութեան ընթացքին, գնահատանքի արժանացան համալսարանի նուիրեալ ծառայողները. պարգեւատրեալներն էին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադիրներէն Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Միհրան եւ Էլիզապէթ Աղպապեան, Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Արմէն եւ Նելլի Տէր Կիւրեղեան, Տէր եւ Տիկին Ստեփան (յետ մահու) եւ Սեդա Գարամարտեան, Տիկին Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն եւ Հ.Բ.Ը.Մ, Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնն ու Քալիֆորնիոյ Համալսարանը:

Գլխաւոր բանախօսն էր գործարար եւ բարերար Տիար Ռուբէն Վարդանեան. ելոյթ ունեցան նաեւ հանրաճանաչ սոփրանօ Տիկին Իզապէլ Պայրագտարեան, «The Promise» ֆիլմը արտադրողներէն Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան ու Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Իվընզ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022