Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ «Արարատ Տան» Մէջ ՀՕՄ-ի Հովանաւորած Ճաշկերոյթին


Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2017-ի կէսօրին, «Արարատ Տան» բարեկամներն ու ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները ժամադրուած էին հաստատութեան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, հաստատութեան Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ կազմակերպուած ամսական ճաշկերոյթին առիթով։ Ըստ տարիներու բարի աւանդութեան, այս ամսուան ճաշկերոյթը կը հիւրընկալուի ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու եւ բարեկամներու։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշի հանդիպումին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին հաստատութեան պատասխանատուներ, գլխաւորութեամբ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեանի։

Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ «Արարատ Տան» վարչութեան եւ անձնակազմի անդամները, անոնց աջակցող կամաւորներն ու անոնց խնամքը վայելող պատսպարեալները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի անդամները, որոնք նուիրեալ ծառայութիւններ կը մատուցեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Սփիւռքի թէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց նաեւ հիւրերը, որոնք զօրավիգ են «Արարատ Տան» եւ ՀՕՄ-ին, յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ առողջութիւն՝ պատսպարեալներուն։

ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիկին Նանիկ Քիւփելեան։ Կազմակերպիչ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը անակնկալ մը վերապահած էր հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեանի, կարկանդակով մը տօնելով անոր ծննդեան տարեդարձը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022