Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Սերգէյ Սարգիսով կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակին առիթով, որ տեղի ունեցաւ «Beverly Hilton» պանդոկին մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ընդունելութեան Ներկայ էին պաշտօնական բարձրաստիճան անձինք, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թեմիս Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ղեկավարներ եւ պաշտօնատարներ։
Հանդիսավարն էր հեռուստահաղորդավար Արաքսիա Կարապետեանը։ Շնորհաւորական մաղթանքներով հանդէս եկան՝ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Սերգէյ Սարգիսով, դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աչաճեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան։ Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր՝ յագեցած երգով եւ պարով։