Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Տարեկան Ճաշկերոյթին


Ուրբաթ, 3 Փետրուարի երեկոյեան, ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանային Վարչութեան տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Տաղլեան» սրահին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին, բացման աղօթքը կատարեց եւ իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը փոխանցեց կազմակերպութեան նուիրեալ անդամներուն։

Ձեռնարկը սկսաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ թենոր Ռաֆֆի Քերպապեանի։ Բացման եւ ողջոյնի խօսքը արտասանեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի Ատենապետուհին՝ Տիկին Քրիսթին Յովնանեանը։ Հանդիսավարն էր Տիկին Ալիս Պետրոսեան։ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց Ատենապետուհին՝ Տիկին Ռեբեկա Պէրպէրեանը։ Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսաժապաւէն մը եւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022