Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նոր Պատրիարքին Ի Պատիւ Ընդունելութեան


Երկուշաբթի, 7 Յուլիս 2014ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հիլթըն պանդոկին մէջ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Իգնատիոս Աֆրամ Բ.-ին, որ իր գահակալ ընտրութենէն ետք անդրանիկ այցելութիւնը կու տար Լոս Անճելըս։

Ընդառաջելով Գերշ. Տ. Եուճին Արք. Քափլանի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ մեծառանքի ճաշկերոյթին եւ ողջոյնի ու շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց նորընտիր Պատրիարքին, մաղթելով յաջող երթ իր ծառայական առաքելութեան մէջ: Անդրադառնալով Ամենապատիւ Պատրիարքին կողմէ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տրուած այցելութեան, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Վեհափառ Հայրապետը վեր առած էր երկու եկեղեցիներուն միջեւ սերտ գործակցութեան կապերը եւ շեշտած Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական եւ մօտիկ յարաբերութիւնը: Ան իր կարգին կանգ առաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին մէջ Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան վրայ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022