Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս Առաջին Այցելութեան Նախաձեռնութիւններուն

Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր, 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ վսեմաշուք տիար Նիկոլ Փաշինեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Լոս Անճելըսի հայահոծ համայնքին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ ամբողջ օրուայ ընթացքին տեղի ունեցած հանդիսութեանց ու հանդիպումներուն։

Հայաստանի վերանկախութեան 28-րդ տարեդարձին առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։

Կիրակի առաւօտեան, «Intercontinental» պանդոկին մէջ ՀՀ Վարչապետը հանդիպում ունեցաւ համայնքային ներկայացուցիչներու հետ, որուն ներկեայ եղան Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Հանդիպման հրաւիրուած էին գաղութի գլխաւոր բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։ Հանդիպման ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու Վարչապետին Հայաստան-Սփիւռք կապերու, Հայաստանի տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, Արցախի հարցի կարգաւորման, պետական կառավարման համակարգի կառուցուածքային բարեփոխումներու առնչուող հարցերու մասին։

Այնուհետեւ, ՀՀ Վարչապետին եւ իր տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի ի պատիւ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով։ Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային Վարչութեան ատենապետը ներկայ եղան այս հանդիպման եւս, որուն կը մասնակցէին պետական անձնաւորութիւններ եւ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական ներկայացուցիչներ։

Յետմիջօրէին, «Grand Park»ի մէջ կայացաւ հանրային ժողովրդական հաւաք մը՝ բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Հոգեւոր առաջնորդները, Պետական եւ ազգային անձնաւորութիւններ եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը գաղութիս արուեստագէտներու, պարախումբերու կատարողութեամբ։ Հաւաքի պաշտօնական յայտագրի բացումը կատարուեցաւ Միացեալ նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներով, կատարողութեամբ Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի երգչախումբին։ Ապա Հոգեւոր առաջնորդները Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Հանրապետական Մաղթանք եւ աղօթք կատարեցին։ Արտասանուեցան սրտի եւ բարի գալստեան խօսքեր։ Ողջոյնի ելոյթներով հանդէս եկան Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին, Գալիֆորնիոյ փոխ-նահանգապետ Ելենի Քունալաքիս, Ծերակուտական Ատըմ Շիֆ, Նահանգային Խորհրդարանի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Ատրին Նազարեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըր։

Հաւաքի յայտագիրին վերջին բաժինով Տիար Փաշինեան փոխանցեց իր պատգամը, որ ողջունելէ ետք ներկաներն ու համայն հայութիւնը, ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մենք Քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում» բանաստեղծութիւնը՝ հոգեպէս գօտեպնդելով ներկաները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Գալիֆորնիոյ ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն, որոնք իրենց ազնիւ ու անաչառ գործունէութեամբ մեծապէս նպաստած են հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ Գալիֆորնիոյ նահանգի ներկայացուցիչներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ Ապրիլ 24-ը «Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր» հռչակելու համար։ Մեծարգոյ Վարչապետը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Սփիւռքահայութեան եւ Սփիւռքի գլխաւոր կազմակերպութեանց, Հայաստանեայց Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն, եւ յատկապէս յիշեց Քըրք Գըրքորեանն ու Շարլ Ազնաւուրը, որոնց աննախընթաց ներդրումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայրենիքի մէջ արձանագրուած են հսկայ բարգաւաճումներ։

Խօսելով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին, Փաշինեան շեշտեց, որ այսօր նոր Հայաստանը կը թեւակոխէ նոր ժամանակահատուած իր ժողովուրդով ու պետութեամբ։ Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, մասնաւորաբար գործարարներուն, մասնակից դառնալու տնտեսական յեղափոխութեան եւ ներդրումներ կատարելու Հայաստանի տնտեսութիւնը աւելի եւս զարգացնելու ու ամրապնդելու նպատակով։

Երեկոյեան, «Biltmore» պանդոկին մէջ ի պատիւ Վարչապետին կազմակերպուած էր ճաշկերոյթ մը, որուն բացման աղօթքը կատարեցին հոգեւոր առաջնորդները։ Բազմահարիւր ներկաներու շարքին էին Ազգային Վարչութեան Ատենապետն ու անդամներ, Թեմիս ծխական շրջաններու եւ համայնքի անդամներ ու գաղութի ներկայացուցիչներ եւ ծխականներ։ Յաջորդաբար խօսք առին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Վարուժան Ներսէսեան։ Այնուհետեւ, ՀՀ Վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեան իր պատգամը փոխանցեց։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022