Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանը Հինգշաբթի, 26 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, հրաժեշտ տալու համար հիւպատոս Արմելա Շաքարեանի, որ աւարտելէ ետք Լոս Անճելըսի մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանը, ի մօտոյ պիտի վերադառնայ Հայաստան։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ բարի երթ մաղթեց հայրենի դիւանագէտին՝ իր առաքելութեան յառաջիկայ դաշտերուն մէջ։ Ներկայ էին նաեւ կազմակերպութեանց ու համայնքի ներկայացուցիչներ։
Ա. Շաքարեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլորին՝ իր պաշտօնավարութեան շրջանին ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ գործակցութեան համար։ Բարեմաղթութեան խօսքով հանդէս եկան նախկին փոխ գլխաւոր հիւպատոս Վալերի Մկրտումեան, հիւպատոսարանի խորհրդականներէն Ռազմիկ Ստեփանեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Վարդան Կարապետեան եւ ուրիշներ։ Գնահատանքի յայտարարագիրներ յանձնուեցան յանուն Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամներէն Քեւին Տը Լիոնի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մոնիքա Ռոտրիկէզի։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Ա. Շաքարեանի ծառայութիւնը, յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ առաքելութեանց եւ իբրեւ յուշանուէր՝ խաչ մը յանձնեց անոր։