Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութեան

Լիբանանի անկախութեան 74-րդ տարեդարձին առիթով, Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս՝ դեսպան Ճոնի Իպրահիմի եւ տիկնոջ՝ Մայային։ Պատուոյ հիւրերու շարքին էին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի ներկայացուցիչ Տիար Լուիս Լահուտ, Մարոնի համայնքի Պէյրութի Առաջնորդ Տ. Պուլոս Արք. Մաթար, Տիւրզի համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի խորհուրդի ներկայացուցիչ Շէյխ Ճիհատ Ուահպէ։

Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի, ներկայ եղաւ ընդունելութեան։

Խօսք առին Տիար Լահուտ, Պուլոս Արք. Մաթար, Շէյխ Ուահպէ եւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ ողջունեց ներկաները, յատկապէս պաշտօնական հիւրերը, շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը, նշելով, որ անկախութիւնը աստուածատուր պարգեւ մըն է. ան նշեց, որ ամէն անգամ, որ Լիբանան կ’այցելէ, ականատես կ’ըլլայ երկրի ապրած բարելաւման ու մաղթեց, որ երկիրը մնայ ապահով ու շարունակէ բարգաւաճիլ խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ դեսպան Իպրահիմի ծառայութեան մասին, նշելով, որ հետեւեալ խօսքը լաւագոյնս կը նկարագրէ անոր առաքելութիւնը. «Ան որ իր հայրենիքը ամէնէն շատ կը սիրէ, լաւագոյնը կուտայ հայրենիքին»։ Ան դեսպան Իպրահիմը բնորոշեց իբրեւ հաւատացեալ եւ տեսիլք ու սկզբունք ունեցող անձնաւորութիւն, որ հիւպատոսութիւնն ու լիբանեւամերիկեան գործակցութիւնը բարձրացուցած է նոր մակարդակի։ Ան գնահատեց անոր ու ընտանիքին անկեղծ բարեկամութիւնը հանդէպ իր անձին, եւ սերտ գործակցութիւնը ամերիկահայերու հետ եւ յանուն հայ-ամերիկեան համայնքին ու անձնապէս՝ յաջողութիւն մաղթեց անոր ու ազնիւ տիկնոջ՝ իրենց յառաջիկայ առաքելութեան մէջ։

Դեսպան Իպրահիմ յայտնեց, թէ ինք 66 ամիսէ ի վեր կը ծառայէ Լոս Անճելըսի մէջ եւ հաւատարմութեամբ ծառայած է հայրենիքին։ Ան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, գնահատելով Առաջնորդ Սրբազանին բարեկամութիւնը, որուն համար արտայայտեց խոր յարգանք։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022