Առաջնորդ Սրբազան Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարի Ի Պատիւ Ընդունելութեան

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Պատուելի Դոկտ. Օլավ Թվայթի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, Երեքշաբթի, 2 եւ Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2019-ին, երկու ձեռնարկներ տեղի ունեցան, Լոս Անճելըսի հոգեւոր առաջնորդներուն եւ Քրիստոնեայ համայնքին առիթ ընծայելով հանդիպելու եւ ծանօթանալու ընդհանուր քարտուղարին հետ։

Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Առաջնորդարանի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հայր Ալեքսի Սմիթի հրաւէրով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ Դոկտ. Թվայթի հետ ընդունելութեան-հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլին, Հոլիվուտի Մեթոտական Միացեալ եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիպումը կազմակերպուած էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ Քրիստոնէական Խորհուրդին կողմէ, գործակցութեամբ վերոնշեալ եկեղեցւոյ։ Դոկտ. Թվայթ խօսեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գործունէութեան, ծրագիրներու եւ հեռանկարներու մասին։ Խօսքի աւարտին, առիթ տրուեցաւ հարցումներու։

Իսկ, Երեքշաբթի, 2 Ապրիլի երեկոյեան, Դոկտ. Թվայթ դասախօսեց Լոյոլա Մէրիմաունթ համալսարանի Հաֆինկթըն միջ-եկեղեցական կեդրոնին մէջ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Մոսվէս Քհնյ. Շաննագեան։ Դասախօսութեան նիւթն էր 2021-ին տեղի ունենալիք Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի խորհրդաժողովի թեման՝ «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կ’առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն եւ միութիւն»։ Դասախօսութեան յաջորդեց հարցազրոյց մը Պատուելի Թվայթի, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի փոխ ատենապետ Մերի Ան Եպիսկոպոս Սուէնսընի, Մայքըլ Հաֆինկթընի եւ Հայր Ալեքսի Սմիթի հետ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022