Առաջնորդ Սրբազանը Վերամուտի Պահը Բոլորեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի Ընտանիքին Հետ


Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս 2014ը Ազգային Վարժարաններու վերամուտի օրն էր: Դաստիարակներ ու աշակերտներ, ընկերակցութեամբ իրեց ծնողներուն, ամառնային արձակուրդէ ետք վերադարձան հայկական վարժարանի հոգիներ ջերմացնող եւ միտքեր լուսաւորող օճախը, կերտելու համար ուսումնական նոր տարեշրջան մը, որուն ընթացքին ազգովին պիտի նշենք Ցեղասպանութեան 100ամեակը:

Ինչպէս բարի աւանդութիւն դարձած է՝ վերամուտը տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութեամբ եւ աղօթքով: Մեր հոգեւոր հայրերը առաջնորդեցին աղօթքի պահը եւ աշակերտներուն ընթերցեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի վերամուտի պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը վերամուտի պահը ապրեցաւ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի յարկին տակ, բաժնեկից ըլլալով անոր մեծ ընտանիքին յիշատակելի պահուան: Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան: Ներկայ էին վարժարանի բարերարներ եւ ուսումնական պատասխանատուներ:

Օրհնութեան խօսք մը ուղղելով ներկաներուն, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ ուսումնական նոր տարեշրջան մը շնորհած է բոլորիս, ողջունեց ներկաներն ու մասնաւորաբար վարժարանին նոր տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը, բարի երթ մաղթեց դաստիարակներուն ու աշակերտներուն, մանաւանդ, որ այս տարեշրջանին, հայկական այս կրթօճախը պիտի տօնէ իր 40րդ տարեդարձը:

Յատկապէս խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հայկական վարժարանը պահպանելի գանձ մըն է, որուն մաս կը կազմեն աշակերտ ու դաստիարակ: “Սիրեցէք ձեր դպրոցն ու ուսուցիչները, տէր եղէք մտային ու հոգեկան այն հարստութիւններուն ու աւանդներուն, որոնք կը փոխանցուին ձեզի: Մենք ամբողջական վստահութիւն ունինք ձեր տնօրէնին, դաստիարակներուն, վարժարանի անձնակազմին եւ բոլոր ծառայողներուն վրայ, անոնք իրենց լաւագոյնը պիտի ընեն ձեր հոգեւոր ու մտային աճումին համար”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Վերամուտի հանդիսաւոր պահը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին “Պահպանիչ”ով:

Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը, Ուրբաթ, 22 Օգոստոսին, պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուր-Մանկապարտէզի ուսումնական տարեշրջանին։

Իսկ Ազգ. Մեսրոպեան (Մոնթեպելլօ) եւ Արի Կիրակոս Մինասեան (Օրէնճ Քաունթի) վարժարանները իրենց դուռները պիտի վերաբանան յառաջիկայ Երկուշաբթի, 25 Օգոստոսին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022