Ամառնային դադարէ ետք, յառաջիկայ քանի մը օրերուն, մեր Ազգ. Վարժարանները իրենց դուռները պաշտօնապէս պիտի վերաբանան, ընդունելու համար մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական կարգի աշակերտներ. հայկական հոգեւոր ու մշակութային աւանդներով եւ առողջ մթնոլորտի ներքեւ պիտի դաստիարակուի մեր նորահաս սերունդը։
Հինգշաբթի, 16 Օգոստոսր կրթական վերամուտ էր Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգ. Վարժարանի առաջին դասարաններուն համար։
Աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ կանուխէն ժամանած էին վարժարան։ Աշակերտները ծանօթացան իրենց ուսուցիչներուն եւ ընկեր-ընկերուհիներուն եւ կրթական առօրեային։ Իսկ ծնողները առիթը ունեցան ծանօթանալու իրենց զաւակներուն դասատուներուն եւ վարժարանի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ստացան ուսումնական ծրագիրին մասին։
Վերամուտի պահուն, տնօրէնութեան, դաստիարակներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն հետ էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Սրբազան Հօր կþընկերանային Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիար Վահան Պզտիկեան։
Սրբազանը Հայրը մասնակից եղաւ վերամուտի պահուն, իր օրհնութիւնները բաշխելով առաջին դասարանի աշակերտներուն, ծնողներուն, դաստիարակներուն ու վարժարանի մեծ ընտանիքին։
Վարժարանի մուտքին, Առաջորդ Սրբազանն ու ընկերակիցները դիմաւորուեցան տնօրէնին եւ փոխ տնօրէնին՝ Տիար Վազգէն Մատէնլեանի եւ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանի կողմէ։ Աղօթքի ու սրտի խօսքերու պահէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակիցները նախաճաշեցին ծնողներուն հետ, յետոյ, այցելեցին չորս դասարաններ։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց աշակերտները, անոնց ուղղեց պատգամ մը եւ յաջողութիւն մաղթեց ուսւոմնական յառաջիկայ տարեշրջանին համար։
Առաջնորդ Սրբազանը Երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Ազգ. Ֆերահեան վարժարան, որուն համար այդ օրը վերամուտ է. յառաջիկայ օրերուն, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի այցելէ նաեւ այլ վարժարաններ։