Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան Աւագութեան Տիտղոսին Արժանացաւ


Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Կիրակի, 28 Փետրուար 2016ին՝ Մեծ Պահոց Դ. Կիրակիին, որ Տնտեսի Կիրակին է, ապրեցաւ կրկնակիօրէն յիշատակելի օր մը: Արդարեւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Ս. Պատարագին, հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը, եկեղեցւոյ բազմամեայ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանի յանձնեց զինք աւագութեան պատիւին եւ տիտղոսին արժանացնող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կոնդակը, իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ ՀՕՄի ննջեցեալներուն յիշատակին, իսկ եկեղեցական արարողութիւններէն ետք՝ ներկայ եղաւ Հ.Յ.Դ. 125ամեակի տօնակատարութեան եւ արտասանեց օրհնութեան իր խօսքը:

Նախքան քարոզի պահը, Հայրապետական կոնդակը հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի ձեռամբ, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, խորան բերուեցաւ. ապա Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր կերպով ընթերցեց Ն. Սրբութեան կոնդակը եւ զայն յանձնեց Տ. Վահան Աւագ Քահանային։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Տէր Հայրը՝ աւագութեան պատիւին արժանանալուն առիթով եւ գնահատեց անոր հոգեւորականի անբասիր ծառայութեան կենսական դերը Ֆրեզնոյի հայութեան կեանքին մէջ վերջին շուրջ 20 տարիներուն: Նաեւ յաջողութիւն մաղթեց հոգեւոր հովիւ Հայր Սուրբին, որպէսզի շարունակէ ընթանալ Տէր Հօր բացած ուղիով:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ նշեց, որ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգիստ տեղի պիտի ունենայ հայկական երկու մեծ կազմակերպութեանց անձնդիր ծառայողներուն յիշատակին։ Ան այս առիթով վեր առաւ մեր ժողովուրդի վերջին աւելի քան մէկ դարու կեանքին մէջ Հ.Յ.Դ.ի եւ ՀՕՄի ստուար ծառայութիւնները, որոնք աշխարհի տարածքին սիրով եւ նուիրումով մատուցուած են բարեսիրական, մշակութային, հայրենասիրական, կրթական եւ ժողովուրդի բարօրութեան կենսական դաշտերուն մէջ, ի խնդիր մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման, մեր հողերու պաշտպանութեան եւ մեր ազգային ժառանգութեանց պահպանման:

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը կեդրոնացած էր օրուան Աւետարանական հատուածին՝ Անիրաւ Տնտեսին, ինչպէս նաեւ Մեծահարուստին եւ Աղքատ Ղազարոսին առակներուն վրայ: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց երկու դրուագները եւ վեր առաւ անոնց անժամանցելի պատգամը՝ մեր այսօրուան կեանքին մէջ:

Առակներէն բխած պատգամներուն վրայ, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց ըսելով, «Այսօր մեզի առիթ կ’ընծայուի մեր անձերը քննութեան ենթարկելու եւ տեսնելու, թէ որքանո՞վ բարեգործութիւն կ’ընենք եւ կը ջանանք բարելաւել մեր կենցաղը: Պիտի գայ օրը, երբ պիտի կանգնինք Աստուծոյ առջեւ ու հաշիւ պիտի տանք մեր գործերուն եւ կեանքին մասին», շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ հաւատացեալները յորդորեց ապրելու ոչ միայն իբրեւ «Աշխարհի Որդիներ», այլ «Լոյսի Որդիներ», ապրելով յաւիտենական կեանքի հեռանկարով: Ան աւելցուց, որ պէտք է միշտ երախտապարտ ըլլանք մեզի շնորհուած բարիքներուն համար, ըլլանք բարի, ազնիւ ու հաւատարիմ ծառաներ, եւ մեզի տրուած շնորհքները ի գործ դնենք Աստուծոյ փառքին համար, ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պայծառացման, ըլլանք հոգածու՝ մեզմէ նուազ բախտաւորներուն հանդէպ, չբաւարարուինք միայն երկրաւոր հարստութիւններով, այլ նաեւ աշխատինք հանդերձեալ կեանքի մէջ հարստութիւն ապահովելու, եզրափակեց ան:

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամէն ետք, Տ. Վահան Ա. Քահանայ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ Առաջնորդ Սրբազանին:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. 125ամեակի տօնակատարութիւնը, որուն ներկայ եղաւ Առաջնորդ Սրբազանը: Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց եզրափակիչ խօսք, եւ «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ