Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեանի եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանի մասնակցութեամբ, “Hye Riders” ակումբի անդամներուն փափաքին ընդառաջելով յատուկ աղօթքի պահ մը ունեցաւ իրենց հետ, որոնք ի մօտոյ կը մեկնին Եւրոպա, ուրկէ պիտի ուղեւորուին Մայր Հայրենիք։ Հանգրուան առ հանգրուան, եւրոպական տարբեր երկիրներէ խումբին պիտի միանան այլ հայորդիներ, որպէսզի Ապրիլ 24-ին Հայաստանի մէջ մասնակից դառնան Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկներուն։
Աղօթքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց “Hye Riders”ի նախաձեռնած այս շրջապտոյտին, որուն նպատակն է յիշեցնել համայն մարդկութեան, թէ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը միշտ անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, միաժամանակ պիտի յիշենք եւ պահանջենք մեր արդար Դատի հատուցումը։ Հաւաքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գրպանի աղօթքներ նուիրեց ուխտաւորներուն եւ բարի ճանապարհ մաղթեց անոնց։