Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Ս. Պատարագին՝ Վերանորոգումը Կը Սկսի Աստուածսիրութեամբ – Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Պատարագով եւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութեամբ, Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսի ցնծութիւնը տարածելով մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն կեանքին մէջ:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ ջրհօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան ու շրջանի երեսփոխաններ ու ժողովականութեան անդամներ։

Հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս արժանի ըրաւ Նոր Տարուան բերկրանքը միասնաբար ապրելու ու Ս. Ծննդեան աւետիսի ցնծութեամբ պարուրելու մեր սիրտերն ու հոգիները, եւ մաղթեց, որ խաղաղութիւն տիրէ աշխարհի վրայ եւ սէր ու հաճութիւն՝ մարդոց միջեւ։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ազգային վարչութեան ու երեսփոխաններուն, պատկան մարմիններուն, նուիրեալներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, աղօթելով, որ Մանկացեալ Փրկիչը, իբրեւ թագաւորը մեր կեանքին ու ներաշխարհին, վերստին ծնի իւրաքանչիւրիս հոգիին ու սրտին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ վեր առաւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդը, ու շարականագիրին հետեւեալ բառերով առաջնորդուելով ըսաւ. «Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի, Որդիք մարդկան օրհնեցէք, Զի վասն մեր մարմնացաւ»։ Ան նշեց, որ «Նոր Արքան մեզի համար մարմնացաւ, մեր Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս մեզի համար մարդացաւ ու մանկացաւ, որպէսզի բնակի իւրաքանչիւրիս հոգիին ու էութեան մէջ։ Փառք Աստուծոյ, որ խաղաղութեան ու սիրոյ Իշխանը անգամ մը եւս այս տօնին խորհուրդով կ’այցելէ իւրաքանչիւրիս, որպէսզի խաղաղութիւնը տիրէ եւ իշխէ մեր կեանքին վրայ, սէրը առաջնորդէ իւրաքանչիւրիս կեանքը։ Փառք Աստուծոյ, որ Արդարութեան Արեգակը, որ ամբողջ աշխարհը կը պայծառացնէ եւ լուսաւորէ, այսօր կու գայ անգամ մը եւս պայծառացնելու եւ ջերմացնելու մեր կեանքը։ Փառք Աստուծոյ, որ նոր արքան այսօր անգամ մը եւս կը ծնի եւ Յորդանան գետին ջուրերը կը մաքրէ որպէսզի աշխարհի բոլոր մեղքերը սրբէ։ Փառք, որ այդ թագաւորը իբրեւ բարիքներու պարգեւատու կը ծնի որպէսզի մեզ Ս. Հոգիով հարստացնէ։ Փառք, որ փառքերու թագաւորը այսօր կը ծագի մեր կեանքէն ներս»։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Քրիստոսի աշխարհ առաքելութիւնը մարդկութեան տրուած մեծագոյն հրաշքն ու պարգեւն է եւ ինքնին թելադրանք է համեստութեան, խոնարհութեան, հեզութեան, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ։ Ան յիշեցուց, որ Աստուածորդին ծնաւ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ, աւետիսը հրեշտակներէն առաջին ստացողները եղան հովիւներն ու իմաստուն մոգերը։ Մեր Փրկիչը երկինքէն երկիր իջաւ, որպէսզի մեզ մօտեցնէ եւ նմանցնէ Իրեն, եւ Իր մարմնացումով ու մանկացումով իւրաքանչիւրս իրարու մէջ տեսնենք զԻնք՝ իբրեւ մեր խաղաղութիւնը, իշխանը, արդարութիւնն ու Փրկիչը։

Մարդկութեան տրուած աւետիսն ու փրկչագործութեան պատգամը անժամանցելի են եւ նոյն խորքով ու շեշտադրութեամբ մեր կեանքերուն մէջ ներկայ են նաեւ այսօր, նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, ու շեշտեց, որ «Ս. Ծննդեան պատգամը պէտք է ուղեցոյց ըլլայ ինքնընծայման, նորոգութեան եւ վերանորոգումի։ Վերանորոգումը կը սկսի Աստուածսիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ ու եղբայրասիրութեամբ»։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ այս տարի Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի հիմնադրութեան 60-ամեակն ու Արեւմտեան մեր Թեմի 45-ամեակը, հետեւաբար վերանորոգման պատգամին ընդմէջէն՝ պէտք է վերանորոգուինք այն հաւատքով, այն սիրով ու յանձնառութեամբ , որ մեր հիմնադիրները ունեցան այն օրերուն, երբ այս ափերուն մէջ անկարելին կարելի դարձուցին ի խնդիր քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան։

Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց, որ Ս. Ծննդեան պատգամին անսալով՝ ըլլանք ընտանեսէր եւ մարդասէր, մեր ընտանիքները վերածենք Աստուծոյ Ս. Խորանին, որպէսզի մեր Փրկիչը գայ եւ բնակի այնտեղ, եւ մեր նմաններուն հանդէպ ըլլանք սիրալիր ու հանդուրժող։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը աւարտեց աղօթելով առ Աստուած, որ բոլորին հոգիներն ու սիրտերը վերափոխէ խաղաղութեան ու սիրոյ ներգործութեամբ, Աստուծոյ սէրն ու խաղաղութիւնը վերանորոգէ մեր ներաշխարհը, մեր հոգիները վերածէ մսուրի, ուր բնակի Յիսուս Մանուկը եւ վերակենսաւորէ մեր ծառայական ու համայնքային կեանքը։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ նշեց, որ 2018-ը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին, եւ կոչ ըրաւ, որ մեր նախնիներուն հաւատքը, հայրենասիրութիւնը, քաջութիւնն ու զոհաբերութիւնը խթան հանդիսանան, թարմացնելու համար հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան ոգին։

Հոգեւոր հովիւը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան առիթով։

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան։ Խաչի կնքահայրն էր ծխական համայնքի զաւակներէն Ճոյի Թիթիզեան։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Ճոյին եւ անոր ընդմէջէն մեր բոլոր մանուկները։

Արարողութեանց աւարտին, Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր ստացան եւ Ս. Ծննդեան օրհնութիւնները տարին իրենց օճախները։

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի վաղորդայնին, Կիրակի, 7 Յունուարին, ննջեցելոց յիշատակի արարողութիւններ տեղի ունեցան Հոլիվուտ Հիլզի եւ Կլենտէյլի գերեզմանատուներուն մէջ, ի յիշատակ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած սիրելիներուն եւ հարազատներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտ Հիլզի «Hall of Liberty»ի արարողութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022