Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ, Ուրբաթ, 6 Յունուար, 2012-ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ եւ Աստուածորդւոյն Մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց, քարոզեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Ս. Ծննդեան տօնին խորհուրդը, նշելով, որ Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութիւնը բերաւ խաղաղութեան, խոնարհութեան ու սիրոյ պատգամներ, որոնք մինչեւ այսօր ալ արժէք են մարդկութեան կեանքին մէջ։ Ան յորդորեց, որ քրիստոնեայ հաւատացեալը իր կեանքը լիցքաւորէ աստուածատուր այս արժէքներով ու առաքինութիւններով, վարելով աստուածահաճոյ կեանք։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, կնքահայրութեամբ՝ փոքրիկն Արէն Մելքոնեանի։ Հինգշաբթի, 5 Յունուարի երեկոյեան, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Իսկ 7 Յունուարին, մեռելոց յիշատակին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ Կլենտէյլի եւ Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատուներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022