Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Լաս Վեկասի Ծխական Համայնքին


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015ին եղաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ. Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցեց, պատգամը ուղղեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց, այսպէսով Լաս Վեկասի մեր հաւատացեալները եւս հաղորդակից դարձնելով անցեալ Յուլիսին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուած միւռոնօրհնէքի խորհուրդին:

Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի. Ս. Սեղանին սպասարկեցին հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան եւ սարկաւագներ:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ կատարուած Միւռոնօրհնէքին, ապա նաեւ, երկու շաբաթ առաջ, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած միւռոնօրհնէքի արարողութեան իր մասնակցութեան մասին, վեր առնելով Սրբալոյս Միւռոնին ներգործութիւնը՝ հայ քրիստոնեայի հաւատքի կեանքին մէջ՝ իբրեւ հոգեկան վերանորոգութեան եւ ազգային ինքնութեան գոյատեւման խորհրդանիշ: Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Ս. Թարգմանչաց տօնին, որ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն նշուեցաւ Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերին, եւ հաւատացեալները հրաւիրեց վերանորոգելու անոնց գործին ու աւանդին հաւատարմութեան ուխտը: Ան շեշտեց, որ թարգմանիչ հայրերուն ծառայութիւնը անփոխարինելի տեղ ունի մեր հաւատքի ամրագրման, մեր մշակոյթին ու ազգային իւրայատուկ դիմագիծին կերտման մէջ:

Անդրադառնալով օրուան աւետարանական ընթերցումի խորհուրդին, որ Այրի Կնոջ Լումային առակով կը ներկայանար, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ մեր թարգմանիչ հայրերն ալ, անոր օրինակով՝ իրենց ամբողջ ունեցածը նուիրաբերեցին մեր ազգի գանձանակին: Անոնք իրենց սիրտը, հոգին եւ կարողութիւնը ի սպաս դրին մեր ժողովուրդին, եւ ծնունդ տուին մեր ազգի լուսաւորութեան ու զարթնումին: «Այսօր, երբ կը տօնակատարենք անոնց ժառանգութիւնը, եկէք, վերանորոգենք անոնց աւանդին հաւատարմութեան մեր ուխտը, մնանք պաշտպան մեր լեզուին, մշակոյթին եւ, աւելին, անոնցմով հարստացնենք նաեւ մեր նոր սերունդներուն կեանքը, որպէսզի անոնք եւս, իրենց կարգին, միանան ազգային իւրայատուկ դիմագիծի եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման երթին», եզրափակեց ան:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամի աւարտին կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամի աւարտին կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ աղօթք բարձրացուց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարին՝ հանգուցեալ Լէրի Պարնզի հոգւոյն համար: Ծանօթ է որ ան մահացած էր անցեալ Յուլիսին:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ առիթ ունեցաւ հանդիպումներ ունենալու եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբին ու համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, քննարկելով շրջանի հոգեւոր մատակարարութեան կարիքները:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ