Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ եւ Կատարեց Սրբապատկերի Օծում – Հոգեհանգիստ Մեծանուն Բարերար Գըրք Գրգորեանի Յիշատակին


Շաբաթ, 20 Յունիս 2015ի շաբաթավերջին, Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, ուր Կիրակի առաւօտեան, յընթացս Ս. Պատարագի, օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի կողմէ Ս. Տրդատ թագաւորի մկրտութիւնը պատկերացնող նոր իւղաներկ պատկերը: Ս. Պատարագին Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան:

Քարոզէն առաջ, “Ուրախ Լեր” շարականին երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ պատկերի օծման արարողակարգը, որուն ընթացքին, սաղմոսներու ընթերցմամբ, աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց պատկերին ճակատը, աջ ու ձախ կողմերը:

Պատկերի օծման յաջորդեց օրուան պատգամը: Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց բոլոր ներկաները՝ հայրերու տօնին առթիւ, ապա կանգ առաւ ազգային բարերար եւ մեծանուն հայ Գըրք Գրգորեանի յիշատակին առջեւ, նշելով, որ այսօր, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի մեծանուն բարերարին համար: Ան կանգ առաւ հանգուցեալ բարերարին կեանքին ու բարեսիրական գործունէութեան վրայ, նշելով, որ ան համեստ պայմաններէ մեկնելով, մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է իր կենդանութեան, սակայն գործած է իբրեւ հաւատարիմ քրիստոնեայ, կատարած է ժողովրդանուէր ու ազգօգուտ մեծ բարեգործութիւններ, որոնք մեծ նպաստ բերած են մեր հայրենիքին ու Թեմիս Ազգային վարժարաններուն: Ան հրաւիրեց ներկաները, որ հոգեհանգիստի պահուն, աղօթք բարձրացնեն բարերարին հոգիին համար:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Չորեքշաբթի, 17 Յունիսին, Քարոլայնայի Չարլսթըն քաղաքին մէջ, խումբ մը աղօթողներու վրայ կատարուած այն ոճրային յարձակումին, որ խլած էր 9 հաւատացեալներու կեանքը:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հանգամանօրէն կանգ առաւ Հայրերու տօնի խորհուրդին ու հայր ըլլալու իմաստին առջեւ եւ կանգ առաւ հօր մը ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան վրայ. ան նշեց, որ հայրը ընտանիքի մը գլուխն է ու առաջնորդը, ան միայն ապրուստ ապահովող ու կարգապահութիւն ընող անձ չէ, այլ պարտի նաեւ դաստիարակել իր զաւակները, ցոյց տալ Տիրոջ ուղին, անոնց մէջ արմատաւորել Երկնաւոր Հօր սէրը, ակնածանքն ու յարգանքի զգացումը: “Հօր մը վարմունքը իր դրական ազդեցութիւնը կ’ունենայ ոչ միայն ամբողջ ընտանիքին, այլ նաեւ ամբողջ մարդկային ընկերութեան վրայ”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նորաօծ սրբապատկերին խորհուրդին եւ նշեց, որ պատկերի օծումը գեղեցկօրէն զուգադիպած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտի եւ Ս. Տրդատ թագաւորի տօներուն միջեւ: Ան այս առիթով անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Հայրապետին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման մէջ ունեցած հիմնական դերակատարութեան, գործակցութեամբ Ս. Տրդատ թագաւորին: Ան վեր առաւ մեր պատմութեան կերտումին մէջ Լուսաւորիչ Հայրապետի դերն ու ներգործութիւնը: “Ոչ միայն Ս. Տրդատ Թագաւորին, այլեւ համայն Հայութեան կեանքը անկիւնադարձային փոփոխութիւն մը կրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին հաւատքին զօրութեան իբրեւ ակնյայտ ապացոյց: Ամէն անգամ, որ դուք նայիք այս Սրբապատկերին, թող Տէրը զօրացնէ ձեզ հայրապետին հաւատքի օրինակով ընթանալու եւ Տիրոջ բոլոր պատուիրաններուն հնազանդ ծառաներ ըլլալու”:

Իր պատգամին վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան աւետարանական ընթերցումի այն խորհուրդին, որ քրիստոնեային կը թելադրէ հաւատալ Քրիստոսի ու անոր ցոյց տուած ուղիին, առանց անոնց ճշմարտութեան մասին նշաններ կամ հրաշքներ սպասելու, ինչպէս ըրին փարիսեցիները, երբ Աստուածորդիէն նշան մը պահանջեցին, որ ցոյց տար իր Մեսիան ըլլալը: Ան յիշեցուց, որ Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը ամէնէն մեծ նշանն ու ապացոյցն է քրիստոնէական հաւատքին ճշմարտութեան, “եւ թող այս նորաօծ պատկերը մնայուն յուշարար մը ըլլայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան ու մեր սրբազան հայրերուն հաւատքին արտայայտութեան”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ մեծանուն բարերար Գըրք Գրգորեանի հոգւոյն, ինչպէս նաեւ այլ ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ հայրերու տօնի առիթով եկեղեցւոյ սրահին մէջ պատրաստուած սիրոյ սեղանին եւ առիթ ունեցաւ մտերմութեան մէջ ըլլալու համայնքի զաւակներուն հետ:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն եւ հոգաբարձութեան անդամներուն հետ, խորհրդակցելով ծխական համայնքի աշխատանքներուն, ապագայի ծրագիրներու եւ գաղութային այլ հարցերու մասին:

Սրբազան հայրը գնահատեց ծխական համայնքի նուիրեալները եւ օրհնեց անոնց անսակարկ նուիրումը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022