Նոր Կիրակիին Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ Մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Մէջ


Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ, որ քրիստոնեայ աշխարհին ու հաւատացեալներուն համար հրաւէր է վերանորոգուելու Քրիստոսի յարութեան շունչով եւ այդ ոգիով շարունակելու կեանքի նոր փուլը:

Կրկնազատիկի առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 3 Ապրիլ 2016ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդը վեր առնող իր պատգամը: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ սարկաւագները:

Իր խօսքի սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հաւատացեալները եւ զանոնք շնորհաւորեց Ս. Յարութեան տօնին առիթով, նշելով, որ Նոր Կիրակին նաեւ Կրկնազատիկ է ու Քրիստոսի Ս. Յարութեան շունչով վերանորոգուելու առիթ: Ան անդրադարձաւ Արցախի սահմանային գիծին վրայ երկու օր առաջ ծայր առած ազերիական յարձակողականին եւ մեր ժողովուրդը հրաւիրեց աղօթք բարձրացնելու ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած նահատակներուն հոգիներուն համար ու զօրակից կանգնելու Արցախի քաջարի ժողովուրդին:

Օրուան աւետարանական հատուածէն (Յովհ. 1:1-17) ներշնչուած իր պատգամին մէջ, ու կեդրոնանալով Նոր Կիրակիի խորհուրդին վրայ, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս օրը քրիստոնեայ աշխարհին համար Ս. Յարութեան յաղթանակը վերստին հռչակելու օր է, եւ հիմնականին մէջ պատգամ մը կը բերէ մեր հոգիներուն մէջ վերանորոգելու մահուան ու չարին վրայ Քրիստոսի յաղթանակին ոգին, մանաւանդ, որ Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, Աստուածորդին իր խօսքերով, լոյսով եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ փառքը յայտնեց: Այս տօնը մեզի կը թելադրէ հոգեպէս վերանորոգուելու եւ ընդառաջելու Աստուծոյ սիրոյն, որ մեզի համար մարմնացաւ եւ մարդացաւ, եւ իր մահով մեր մեղքերուն թողութիւն տուաւ, մեզ իր շնորհքներուն եւ ճշմարտութեան արժանացուց: Ան հաւատացեալները յորդորեց յաղթահարելու ամէն տեսակի անհատական ու հաւաքական թուլութիւն, ինչպէս որ Քրիստոս իր Ս. Յարութեամբ յաղթեց մահուան: Ան թելադրեց օրինակ առնել Քրիստոսի առաքեալներէն, որոնք հոգիով վերանորոգուեցան եւ կեանքի նոր ուղի մը թեւակոխեցին:

Ս. Պատարագի ընթացքին, «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ Արցախի վերջին օրերու նահատակներու հոգիներուն եւ աշխարհի խաղաղութեան համար: Իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի, եւ ընդառաջելով Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումին, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ նահատակներուն համար:

Արարողութեան աւարտին, ներկաները երգեցին «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» շարականը եւ «Կիլիկիա»ն: Այնուհտեւ, հոգաբարձութիւնը հիւրասիրութեամբ մը պատուեց Առաջնորդ Սրբազանն ու ժողովականութիւնը: Տ. Նարեկ Աւ. Քահանայ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ յարգելով տարիներու աւանդութիւնը, այսօր իր ներկայութեամբ կը պատուէ ծխական համայնքն ու ծառայողները: Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, ու մասնաւորաբար ժողովականութիւնն ու գործակիցները հրաւիրեց վերանորոգ նուիրումով ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022