Նոր Կիրակիին Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Մէջ


Մեր քրիստոնէական հաւատքին մէջ ամուր կանգնինք, վերանորոգենք մեր հոգիներու պատմուճանները, զերծ մնանք թերահաւատութենէ եւ ցնծութեամբ տոգորուինք Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդով, պատգամեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015ին, Կրկնազատիկի առիթով իր մատուցած Ս. Պատարագին ընթացքին, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեց ծխական շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան:

Մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին Նոր Կիրակի է՝ Կրկնազատիկ, յիշատակման օրը՝ մեր Տիրոջ աշակերտներուն երկրորդ երեւումին, Ս. Յարութենէն 8 օր ետք: Առաջնորդ Սրբազանը աւանդաբար այս տօնին Ս. Պատարագ կը մատուցէ Նորթ Հոլիվուտի մեր եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան ներկայ էին Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնադրամի տնօրէնուհին՝ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ ներկայացուցիչներ, նկատի ունենալով, որ այս տօնին, Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինութեամբ, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք կը բարձրացուի բարեսիրական այս հիմնարկի նուիրեալներուն եւ անոնց հոգածութիւնը վայելողներուն համար:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր օրուան խորհուրդը վեր առնող շարականին “նորոգեցէք զպատմուճան հոգւոց ձերոց” բառերը: Ան նշեց, որ շաբաթ մը առաջ, մեր եկեղեցին տօնեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը, որ յաղթանակի եւ վերանորոգութեան տօն է քրիստոնեային համար: Երբ մեր Տէրը առաջին անգամ երեւցաւ իր աշակերտներուն, Թովմաս առաքեալը կը բացակայէր, որ թերահաւատ էր. հետեւաբար, 8 օրեր ետք, Յիսուս դարձեալ երեւցաւ աշակերտներուն ու իր վէրքերը ցոյց տուաւ թերահաւատ Թովմասի, որ խոստովանեցաւ ըսելով՝ “Տէրս եւ Աստուածս”: Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները, որպէսզի մէկդի թողունք թերահաւատութեան որեւէ մտածում, քաջութեամբ խոստովանինք Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը եւ մեր Տիրոջ պատգամին հետեւելով՝ վերանորոգենք մեր հոգիներու պատմուճանն ու զրահաւորուինք քրիստոնէական հաւատքով:

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութամբ անդրադարձաւ նոյն օրը արձանագրուած պատմական իրադարձութեան, նշելով, որ Վատիկանի մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետը՝ Ֆրանսիս Պապը Ս. Պատարագ մատուցեց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, ներկայութեամբ մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետնետուն, ինչ որ կարեւոր քայլ մըն է մեր նահատակներուն ոգեկոչման եւ հայութեան իրաւունքներուն արդարացիութեան գծով: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի նուիրեալներուն ծառայութիւնները եւ հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթակից ըլլալու անոնց հոգածութիւնը վայելող հիւանդներուն ապաքինման համար, նաեւ՝ զօրակցելու հիմնարկի ճիգերուն:

“Տէր Ողորմեա”էն առաջ, Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն հրաւիրուեցաւ հակիրճ զեկուցում մը տալու Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի մարդասիրական աշխատանքներուն մասին, նշելով, որ այս հիմնարկը Հայաստանի, Արցախի մէջ եւ այլուր, մասնագիտական խնամք կը տրամադրէ հազուադէպ ու դժուար բուժելի հիւանդութիւններէն տառապողներու:

Ս. Պատարագի աւարտին, ժողովուրդը դպրաց Դասին ընկերացաւ երգելով “Կիլիկիա”ն եւ Հայաստանի քայլերգը: Հաւատացեալները եկեղեցիէն մեկնեցան՝ ստանալէ ետք Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022