Ճրագալոյց Ս. Յարութեան՝ Աւետիս Յաղթութեան


Աւագ Շաբթուան հոգեպարար արարողութիւնները մեր հաւատացեալները պատրաստեցին Ս. Յարութեան յաղթանակը դիմաւորելու եւ մեր հաւատքը վերանորոգելու։

Շաբաթ, 19 Ապրիլի երեկոյեան, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագի աւարտին Քրիստոսի Ս. Յարութեան լոյսը անգամ մը եւս պայծառացուց մեր հաւատացեալ ժողովուրդի հոգիները եւ բոլոր հայ օճախները, Ս. Խորանէն բերուած Յարութեան լոյսը խորհրդանշող մոմերով։

Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Յարութեան Ճրագալոյցի արարողութեան նախագահեց եւ Ս. Պատարագը մատուցեց։

Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք, Ս. Պատարագի սկիզբը, “Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց” աւետիսը տարածուեցաւ ամենուրէք։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը, Յարութեան յաղթական աւետիսով գօտեպնդուած, հրաւիրեց հաւատացեալները Յարութեան յաղթական շունչով ընթանալու եւ վերանորոգ յոյսով եւ հաւատքով դիմակալելու ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ նեղութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022