Առաջնորդ Սրբազանը Ծաղկազարդը Տօնեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցիէն Ներս


Կիրակի, 13 Ապրիլ 2014ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը Արեւմտեան մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ, Ս. Պատարագով, մանուկներու թափօրով եւ Դռնբացէքի արարողութեամբ։ Տօնին թելադրած աւանդութեանց համաձայն, մեր եկեղեցիներուն մուտքերն ու խորանները գեղեցկօրէն զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով։ Հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին արարողութեանց, իսկ մանուկներ իրենց ձեռքերուն ունէին ձիթենիի ճիւղեր ու զարդարուած մոմեր։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Անթիլիասի մէջ մասնակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ “Անթիլիասի Ուխտի Օրուան” տօնակատարութեան, եւ Թեմերու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ժողովին, Ուրբաթ, 11 Ապրիլի երեկոյեան Լոս Անճելըս վերադարձած ըլլալով, Ծաղկազարդի օրը Ս. Պատարագ մատուցեց եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամը փոխանցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։

“Հրաշափառ”-ի երգեցողութեամբ պատարագիչ Սրբազան Հայրը թափօրով մուտք գործեց “Աւետիսեան” սրահ, ուր կատարուեցաւ պատարագը հոծ բազմութեան ներկայութեան, սպասարկող ունենալով Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանն ու սարկաւագները։ Տիար Կոմիտաս Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ դպրաց դասը կատարեց պատարագի երգեցողութիւնը։

Իր պատգամը փոխանցելէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը նախ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ իր ապահով վերադարձին համար եւ աղօթեց աշխարհի, Սուրիոյ եւ մանաւանդ Քէսապի խաղաղութեան համար։ Սրբազանը խօսեցաւ Անթիլիասի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուած ժողովներուն մասին, ուր միաբան հայրերը վերանորոգեցին իրենց ուխտը Աստուծոյ, եկեղեցիին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին հանդէպ, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին, վերանորոգեցին մեր արդար դատի հատուցման պայքարի խոստումը, միաժամանակ վերահաստատելով իրենց զօրակցութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին։

“Երուսաղէմի ըսէք.- Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ” (Զաքարիա 9.9)։ Զաքարիա մարգարէին խօսքը բնաբան ունենալով, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը սկսաւ իր քարոզը, հաստատելով թէ Աստուծոյ կողմէ յայտնուած եւ Զաքարիայի բերնով կատարուած այդ մարգարէութիւնը վեց դարեր ետք իրականացած էր, երբ Թագաւորը՝ Քրիստոս, իշու մը աւանակի վրայ նստած, մուտք գործեց երուսաղէմ իր խաղաղութեան եւ խոնարհութեան թագաւորութիւնը հաստատելու մարդոց հոգիներուն մէջ։ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ ու յիշեցուց այդ օրուան խանդավառ մթնոլորտին մասին, թէ ինչպէս բազմութիւնը հաւաքուած էր, արմաւենիի ճիւղեր ճոճելով ու իրենց հագուստները որպէս հնազանդութեան նշան գետին փռելով ողջունեց Մեսիան ըսելով, »Օրհնեալ է ան որ Տիրոջ անունով կու գայ, Ովսաննա՜ Բարձրեալին«։ Սակայն Թագաւորը ձիու վրայ նստած ու զինուորական բանակով չեկաւ պատերազմ յայտարարելու, ասիկա Փրկիչ թագաւորն էր, խոնարհութեան ու խաղաղութեան թագաւորը, որ իշու վրայ նստած, հաւատացեալներու եւ մանուկներու բանակով մը եկած էր։

Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին օրը այնտեղ ներկայ էին երկու տեսակի խմբակներ. առաջինը հաւատացեալներու եւ անմեղներու խումբն էր, մանուկներով խորհրդանշուած, իսկ երկրորդը՝ նենգաւորներու, Փարիսեցիներէ, Սադուկեցիներէ եւ Դպիրներէ կազմուած, որոնք կþակնկալէին Հռոմէական կայսրութենէն իրենց ազատութիւն բերող Մեսիա մը, որպէսզի իրենք եւս իրենց երկրաւոր թագաւորութիւնը հաստատեն ու իշխեն մարդոց վրայ։ Մինչեւ օրս տակաւին կան այս երկու խումբերուն պատկանող մարդիկ, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, ու պարզեց, թէ Ծաղկազարդը սոսկ մէկ օր մը չէ տարուան ընթացքին, այլ շարունակականութիւն մըն է, զոր մենք կը վերապրինք ամէն անգամ որ Ս. Պատարագին Ս. Հաղորդութիւն կը ստանանք, եւ մեր սրտերը կը վերածուին Նոր Երուսաղէմներու (Խաղաղութեան քաղաքներու) եւ Տէրը մեր մէջ կը բնակի։ Հետեւաբար, եկէք միասնաբար աղօթենք, որ միշտ անմեղ մանուկներու խմբակին մէջ մնանք մեր խոնարհութեամբ, եւ Տէրը հրաւիրենք մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի Իր խաղաղութիւնը, սէրը եւ խոնարհութիւնը յաւիտեանս մեր մէջ իշխեն, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

Աւագ Շաբթուան սեմին գտնուելով, Սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, դուրս վանելու ամէն տեսակի ժխտական ազդեցութիւն, որոնք կը փորձեն անհանգստացնել մեր համայնքի, ընտանիքներու եւ անձերու խաղաղութիւնը, իսկ Դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին Սրբազանը ժողովուրդը հրաւիրեց աղերսելու Տիրոջ, որ Իր ողորմութեան դռները բանայ, որպէսզի կարողանանք մուտք գործել Աստուծոյ թագաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացնել որ բացուին աշխարհի ղեկավարներուն սրտերը եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի աշխարհի վրայ, Սուրիոյ եւ մանաւանդ Քէսապի մէջ, որուն բնակիչները 100 տարուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով կը տեղահանուին իրենց պապենական հողերէն։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ կոչ ուղղեց աղօթելու մեր դատի արդարութեան, ճանաչման եւ հատուցման համար, երբ կը պատրաստուինք Ցեղասպանութեան 100 ամեակը նշելու եւ նահատակները սրբադասելու։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, »Տէր Ողորմեա«-ի խնդրանքներու յայտարարութենէն առաջ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, իր գոհունակութիւնը յայտնելով Սրբազան Հօր, որ համայնքին հետ եղաւ Ծաղկազարդի այս տօնին, ուժ եւ կարողութիւն մաղթելով Աւագ շաբթուան արարողութեանց համար։

Սարկաւագներու եւ դպրաց դասի անդամներով կազմուած թափօրին նախագահելով, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող Թափօրի պահուն, օրհնեց մանուկներն ու հաւատացեալները։ Թափօրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաուտները։

Թափօրի աւարտին, Սրբազան Հայրը վերադառնալով խորան, կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւնը։ Նկատի առնելով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2014-ը հռչակած է “Տարեցներու Տարի”, Առաջնորդ Սրբազանին եւ Կրօնական ժողովին որոշումով, Դռնբացէքի արարողութեան կնքահայրը, որ ընդհանրապէս մանուկ մը կþըլլար, այս տարի որոշուած էր որ տարեց մը ըլլայ։ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Դռնբացէքի կնքահայրութիւնը կատարեց ծխականներէն եւ երկարամեայ բարերարներէն՝ Տիար Գէորգ Աթմաճեան։ Սրբազանը կատարեց Քրիստոսի երկրորդ գալուստը խորհրդանշող հոգեպարար Դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին կնքահայրը բացաւ խորանին վարագոյրը, որ կը խորհրդանշէ փրկութեան դռներուն բացուիլը։

Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս հրաւիրեց հաւատացեալները խոստովանելու եւ ապաշխարելու, որպէսզի մաքրուին իրենց մեղքերէն եւ Արքայութեան դուռը բացուի բոլորին համար, ու իրենք իրենց կարգին բանալու իրենց սրտերուն ու հոգիներուն դռները, որպէսզի Քրիստոս գայ ու բնակի անոնց մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Տէր եւ Տիկ. Աթմաճեանները, եւ իրենց ընդմէջէն բոլոր տարեցները, անոնց մաղթելով առողջութիւն, որպէսզի իրենց իմաստութիւնն ու բարի օրինակը օրինակելի ըլլայ բոլորին։

Օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնները իրենց լրումին հասան “Պահպանիչ”ով եւ “Կիլիկիա” մաղթերգով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022