Ս. Յարութեան տօնէն շաբաթ մը առաջ, քրիստոնեայ աշխարհը Կիրակի, 1 Ապրիլին տօնեց Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին յիշատակը։
Արեւմտեան Թեմի մեր եկեղեցիներու մէջ ալ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր։ Մուտքերն ու խորանները զարդարուած էին ձիթենիի ու արմաւենիի ճիւղերով, իսկ մանուկները, գունագեղ զգեստներով ու մոմեր ի ձեռին, եկեղեցի բերուած էին մասնակից ըլլալու այս ուրախ տօնին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։ Յընթացս Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց այս տօնին խորհուրդը վեր առնող իր պատգամը։
»Ովսաննա, Դաւիթի Որդիին. օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւն Բարձրեալին«։ Այս բառերով սկսաւ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը. ան անդրադարձաւ այն դէպքերուն, որոնք տեղի ունեցան Ծաղկազարդի նախընթաց օրերուն.
buy elavil online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/elavil.html no prescription
անոնց շարքին էին Ղազարոսի յարութիւնը եւ երկու կոյրերու բուժումը։ Ան յիշեցուց, որ հրեաները առաջին անգամն ըլլալով չէր, որ Երուսաղէմ ուխտի կþերթային, այլ անիկա տարեկան արարողութիւն մըն էր, յիշատակելու համար Եգիպտոսի գերութենէն իրենց ազատագրութիւնը։ Այդ օրը, սակայն, անոնք ուխտի եկած էին ստանալու նոր փրկութիւն մը՝ հոգիի փրկութիւնը։ Յիսուսի հրաշագործութիւններուն աւետիսը տարածուած էր ժողովուրդին մէջ, ու մարդիկ եկած էին տեսնելու, թէ ո՞վ էր այդ հրաշքներուն հեղինակը։
Իր երկրաւոր առաքելութեան վերջին երեք տարիներուն, Յիսուս յաճախ եղած էր Երուսաղէմ, բանալու համար մարդոց աչքերը, ականջներն ու սիրտերը։ Այդ օրը, սակայն, տարբեր էր. այս անգամ տարբեր ձեւով դիմաւորուեցաւ։ Ան իբրեւ խոստացուած Մեսիան մուտք կը գործէր Երուսաղէմ։ Մարդիկ իրենց զգեստները կը փռէին անոր ոտքերուն առջեւ, իբրեւ արտայայտութիւն իրենց հնազանդութեան եւ յարգանքին, ձիթենիի ու արմաւենիի ճիւղեր բարձրացուցած էին ու կը բացագանչէին. »Ովսաննա, օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւն Բարձրեալին«։
Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ան Աստուծոյ տաճարին առջեւ դէմ յանդիման եկաւ վաճառականներու, որոնք աղօթքին վայրը վերածած էին շուկայի։ Անոնք իրարու հետ շփօթած էին նպատակն ու միջոցը։ Այս տեսարանին առջեւ, ան լացաւ տաճարին վիճակին վրայ, մաքրագործեց աղօթավայրը, ուր շարունակեց իր հրաշագործութիւնները։
Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս կանգ առաւ Ղազարոսի յարութեան հրաշքին վրայ ու անդրադարձաւ այն խոր սիրոյն ու բարեկամութեան, որոնք Ղազարոսը կը կապէին Աստուածորդւոյն։ Ղազարոս Յիսուսը կը սիրէր մաքուր սիրտով ու հոգիով, ուրեմն, ան արժանացաւ սիրոյ ու կեանքի։ Ծաղկազարդի տօնը յուշարար մըն է ու հրաւէր, որպէսզի մենք ալ սիրենք մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը, ըլլանք Անոր բարեկամը, ինչպէս որ էր Ղազարոսը, որպէսզի արժանի ըլլանք Իր սիրոյն ու յաւիտենական կեանքի։ Տաճարին մաքրագործումը խորհրդանիշ է, որպէսզի մենք ալ մեր ներսիդին մաքրենք, քալենք Յիսուսի հետ, չշեղինք մեր ուղիէն, որովհետեւ »եթէ Իրեն հետ մեռնինք, Իրեն հետ ալ պիտի ապրինք«։
Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ Յիսուս այսօր ալ կþայցելէ Իր տաճարը, Իր ժողովուրդին, եւ պիտի բանայ մեր հոգիներուն աչքերը, մինչ մենք կը վերահաստատենք մեր հնազանդութիւնը Իրեն ու Իր պատգամներուն, այնպէս, ինչպէս ան բացաւ երկու կոյրերուն աչքերը՝ դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ։ Քիչ ետք, մանուկներու թափօրով՝ պիտի յիշենք Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը։ Ձեր մանուկները մասնակից դարձուցէք թափօրին, թող անոնք աղերսակից դառնան մեր աւանդութեանց, եւ միասնաբար գոչենք. »Ովսաննա, օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւն Բարձրեալին«։
Եզրափակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի »բանայ մեր աչքերը, ապրի մեր ներսիդին, որովհետեւ մենք Քու զաւակներդ ենք, Քեզի պիտի հետեւինք հաւատքով ու սիրով, մաքուր սրտով. առաջնորդէ մեզ բարիքի, խաղաղութեան ու արդարութեան ճամբաներուն վրայ«։
Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու թափօրը, որուն մասնակցեցան եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները։ Համազգեստներով ներկայ էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներն ու արենոյշները։ Առաջնորդ Սրբազանը առաջնորդեց թափօրը եւ ներկայ հաւատացեալներուն բաշխեց իր օրհնութիւնները։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը վերադարձաւ Ս. Խորան, ուր կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը։ Արարողութեան կնքահայրն էր Յովսէփ Ճոուի Աւագեան։