Ծաղկազարդի Տօնին Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ


Կիրակի, 9 Ապրիլ 2017ին, Ծաղկազարդի տօնը՝ Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին յիշատակը ցնծութեամբ եւ հանդիսաւորապէս տօնախմբուեցաւ Քրիստոնեայ աշխարհին կողմէ։ Հայ ժողովուրդը եւս, Հայաստանի եւ հայկական բոլոր օճախներուն մէջ միացաւ այս ցնծութեան տօնին։

Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներն ու անոնց շրջափակերը լեցուն էին հաւատացեալներու բազմութեամբ։ Ձիթենիի ճիւղեր ի ձեռին, ամէն տարիքի հայորդիներ ներկայ եղան հոգեպարար արարողութեանց, իսկ ծնողներ, մոմեր բռնող դեռատի մանուկներ իրենց գիրկերուն կամ անոնց ձեռքէն բռնած՝ մասնակից եղան թափօրին, որ կը խորհրդանշէ Երուսաղէմի ժողովուրդին կողմէ Քրիստոսի մատուցուած սէրն ու յարգանքը, ողջոյնի արտայայտութիւնները։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, փոխանցեց օրուան խորհուրդը բացատրող պատգամ մը եւ գլխաւորեց թափօրը։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ու Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ու ընտանիքի անդամները, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ եկեղեցիէն դուրս յորդող հաւատացեալներու բազմութիւն մը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ գոհութիւն ու փառք տալով Աստուծոյ, որ ցնծալի այս տօնին, կը գտնուի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ յարկին տակ. ան յիշեցուց, որ կը գտնուինք Աւագ Շաբթուան նախօրեակին, յառաջիկայ օրերուն պիտի ապրինք բազմաթիւ խորհուրդներ ու հոգեյոյզ պատգամներ աւանդող օրեր, մասնակից ըլլալով Յիսուսի երկրաւոր կեանքին վերջին հանգրուանին, իսկ յառաջիկայ Կիրակի պիտի տօնախմբենք Քրիստոնեայ աշխարհի մեծագոյն տօնը՝ Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։

«Ովսաննա՛, օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Յովհ. 12։13) բնաբանով, Առաջնորդ Սրբազանը հանգամանօրէն խօսեցաւ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի դէպքին մասին, որ նաեւ տօնն է Յիսուսի մեր սեփական Երուսաղէմ-սիրտերէն ներս մուտքին, նշելով, որ ժողովուրդը ցնծութեամբ դիմաւորեց զԱյն, մանաւանդ, որ օր մը առաջ, ան յարութիւն տուած էր իր բարեկամին՝ Ղազարոսին։ Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ այն պատկերին մասին, որ կը տիրէր Երուսաղէմի մէջ, զատկական տօնին՝ հրեայ ժողովուրդին Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրման տօնին առիթով, ուր սակայն ուրախութեան կողքին, Տաճարին շրջափակին մէջ տեղի կ’ունենար չարաշահութիւն. այս պատճառով, Յիսուս լացաւ Երուսաղէմի համար եւ մաքրեց Տաճարը։

Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ հաւատացեալները իրենց սիրտերը, իբրեւ սեփական Երուսաղէմներ՝ բաց պահեն Յիսուսի առջեւ, որպէսզի ան մուտք գործէ հոն, մաքրագործէ զանոնք։ Ան երէց սերունդը յորդորեց սիրոյ, խաղաղութեան, բարութեան ու երջանկութեան սերմերը ցանելու մանուկներուն ու մատղաշ սերունդի զաւակներուն հոգիներուն մէջ, որպէսզի բոլորին հոգիները ցնծան՝ ընդունելով աստուածային շնորհքներն ու սէրը, ընդառաջեն Յիսուսի պատգամներուն, ու մանաւանդ չմոռնան, որ մանուկներն ու պատանիները մեր ապագան են ու պիտի կերտեն մեր վաղուան կեանքը, եւ ինչ որ կը ցանենք իրենց սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, ապագային համապատասխան կերպով պիտի հնձենք։ Այս մտածումներով՝ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց մանուկներն ու բոլոր ներկաները, հրաւիրելով հաւատացեալները, որ միասնաբար «Ովսաննա…» բացագանչեն Քրիստոսը ընդունող, անոր հետեւող ու զայն դիմաւորող ուխտաւորներ ժողովուրդին պէս։

Քարոզէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը առաջնորդեց թափօրը եւ մասնաւորաբար մանուկները օրհնելով՝ դուրս եկաւ եկեղեցիէն, ուր օրհնեց ձիթենիի տերեւները, որմէ բաժին հանուեցաւ հաւատացեալներուն։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը։ Այնուհետեւ, հաւատացեալները տուն վերադարձան, հոգեպէս ծաղկազարդուած ու լիցքաւորուած Ծաղկազարդի տօնին խորհուրդով ու պատգամներով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022