Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 13 Օգոստոս 2017-ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի երկրէն երկինք փոխադրուելուն՝ Վերափոխման տօնը, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւն, հաւատացեալներուն հոգիները համակելով օրուան խորհուրդով ու տօնական ցնծութեամբ:

Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուղղեց իր պատգամը եւ յաւարտ Ս. Պատարագի՝ կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանն ու Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանը, ինչպէս նաեւ սարկաւագաց ու դպրաց դասը:

Նշենք, որ նոյն օրը, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ, իսկ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

Հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան կողքին, Ս. Պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ երեսփոխանները, հոգաբարձութեան անդամները եւ շրջանի հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները։

Արարողութեան ընթացքին երգուեցան Աստուածամօր նուիրուած ներբողներ, մեղեդիներ ու տաղեր։ Նշենք, որ Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը մեր Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն չորրորդն է։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ամէն բանէ առաջ փառք ու գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս բոլորս արժանի դարձուց հաւաքաբար ներկայ ըլլալու հոգեպարար տօնակատարութեան եւ խնդրեց Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի բարեխօսութիւնը, որպէսի իր Միածին Որդիէն խնդրէ, որ իւրաքանչիւրին ընտանեկան օճախը լուսոյ խորանի վերածէ, որպէսզի հաւատքով, սիրով, յոյսով ու աղօթքով կեանք մը ապրինք բոլորս։

Մէջբերելով Ս. Աստուածածնի նուիրուած շարականին բառերը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Աստուածամօր յատկանիշներն ու առաքինութիւնները, որոնց շնորհիւ ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ համեստութեամբ, խոնարհութեամբ, սրբութեամբ եւ մաքրութեամբ, դարձաւ կիներուն մէջ ամէնէն օրհնեալն ու ընտրեալը, իր մէջ կրելով Անստուեր Լոյսը։ «Ս. Կոյս Աստուածածինը իր նկարագրին շնորհիւ եղաւ Անապական Գանձ՝ Աստուածորդւոյն մայրն ու խնամողը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կանգ առաւ Ս. Աստուածածինի հանդէպ քրիստոնեայ ժողովուրդներու, մասնաւորաբար հայութեան յատուկ սիրոյն ու յարգանքին վրայ, շեշտելով, որ ան կը նկատուի մարմնացումն ու խորհրդանիշը սիրոյ, զոհաբերութեան, համեստութեան, հոգածութեան ու բազմաթիւ այլ առաքինութեանց։

Անդրադառնալով Աստուածամօր սրբակեաց վարքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ ան համայն մարդկութեան համար եղաւ մայրութեան խորհրդանիշ ու տիպար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւետարաններէն մէջբերումներ կատարելով, ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Աստուածամօր կեանքը բնորոշող երեք առանձնայատկութիւններ. առաջին՝ խոնարհութիւն եւ հնազանդութիւն, որոնց շնորհիւ Ս. Կոյսը եղաւ Աստուածորդւոյն գուրգուրացող մայրն ու դաստիարակը, ու իբրեւ վարձատրութիւն՝ արժանացաւ աստուածային շնորհքներու: Երկրորդ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին հաւատաց Աստուծոյ խոստումներուն, եւ այդ իսկ պատճառով արժանացաւ նոյնիսկ մարմնով երկինք փոխադրուելու։ Երրորդ՝ Ս. Կոյսը իր կեանքը առաջնորդեց Աստուծոյ յոյսով, եւ այդ յոյսի արտայայտութիւնը լաւագոյնս դրսեւորեց Աստուծոյ եւ մարդկութեան հանդէպ իր ունեցած սիրոյն ընդմէջէն։

Ի վերջոյ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր պատգամը, կոչ ուղղելով բոլորին, որպէսզի Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի օրինակով՝ հնազանդութեամբ եւ համեստութեամբ, հաւատքով եւ յոյսով, Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ սիրով եւ առաքինութեամբ լեցուն կեանք մը ապրին, որպէսզի նոյն կեանքի օրինակը ճառագայթէ նոր սերունդի էութեան եւ հաւատքի կեանքին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը աւարտեց աղօթելով Ս. Աստուածածնին, որ բարեխօսէ բոլորին համար եւ վերանորոգէ բոլորին կեանքը՝ խոնարհութեան, հնազանդութեան, հաւատքի եւ յոյսի սերմերը ցանելով բոլորին սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Այնուհետեւ, Ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, գնահատեց հոգեւոր հովիւներն ու բոլոր նուիրեալները՝ մաղթելով բեղուն ծառայութիւն։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց խաղողի օրհնութիւն ու մատաղօրհնէք: Ներկայ հաւատացեալները օրհնուած խաղողէն ու մատաղէն բաժին առնելով, օրուան խորհուրդով լիցքաւորուած՝ վերադարձան իրենց տուները՝ համակուած օրուան խորհուրդով ու պատգամով:

Այսպիսով, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը յիշատակելի ու ցնծագին օր մը դարձաւ Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022