ՀԱՅ ՄԱՅՐՆ ՈՒ ԿԻՆԸ ՊԷՏՔ Է ԱՊՐԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման ու եկեղեցւոյ անունակոչութեան տօնին առթիւ, այս տարի եւս, Կիրակի, 12 Օգոստոս 2012-ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կանուխ ժամերէն լեցուն էր ուխտաւոր հաւատացեալ ժողովուրդով:

Շաբաթ, 11 Օգոստոս, 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին եկեղեցւոյս մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւն, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Կիրակի առաւօտ, Ս. Եւ Անմահ Պատարագը մատուցանեց թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy viagra super dulox force online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/viagra-super-dulox-force.html no prescription

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Ռիմա Պօղոսեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ եւ հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալ հայորդիներ:

Օրուան խորհուրդով լի իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրարաձաւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի տիպար եւ օրինակելի կեանքին ու նկարագիրին, վեր առնելով անոր առաքինի յատկանիշները՝ անմեղութիւնը, խոնարհութիւնը, մաքրութիւնը, սրբութիւնը, համեստութիւնը եւ յատկապէս Աստուծոյ հանդէպ անոր ունեցած կատարեալ եւ ամբողջական հնազանդութիւնը, եւ ըսաւ. »Ս. Կոյսը կիներուն մէջ ամէնէն օրհնեալը եղաւ ու արժանի՝ Աստուծոյ մայրը՝ Աստուածածին դառնալու: Աստուծոյ կամքին ու խօսքին միշտ հնազանդ՝ մնաց խոնարհ, եւ մայրութեան տիպար: Եւ երբ կը խորհրդածենք Մարիամ Աստուածածնի մասին, անոր հոգեւոր եւ սուրբ կեանքը պէտք է ընդունինք իբրեւ պարգեւ: Եկէ՛ք Ս. Կոյսի բարեխօսութեան արժանի ըլլանք ամէն օր, որովհետեւ Ս.
buy zithromax online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/zithromax.html no prescription

Կոյս Մարիամ մշտական յուշարար է մեզի Աստուծոյ ձայնը լսելու եւ Անոր հնազանդելու:

»Այսօր, Ս. Կոյսը հրաւէր կու տայ բոլորիս, եւ յատկապէս մեր մայրերուն եւ քոյրերուն, որպէսզի մենք մեր ձայնը չլսենք, այլ Աստուծոյ ձայնը լսենք, Աստուծոյ կամքը կատարենք եւ դառնանք տիպար եւ օրինակելի հայուհիներ՝ Ս. Կոյս Մարիամի օրինակով:

»Այսօր, եկեղեցին մեզմէ իւրաքանչիւրին հրաւէր կու տայ, որպէսզի այնպէս՝ ինչպէս Ս. Մարիամ երկրէն երկինք վերափոխուեցաւ, մենք ալ հոգեւորապէս վերափոխուինք, որովհետեւ ուր որ Աստուած ներկայ է, հոն հոգեւոր ծնունդ կայ:

»Հոն կան հոգեւոր սերմեր, հոն կայ սրբութիւն, հոն կայ բարութիւն, հոն կայ հաւատարմութիւն, կայ հնազանդութիւն Աստուծոյ հանդէպ: Ուր որ հոգեւոր կեանք կայ, հոն կայ սէր, բարի ծառայութիւն եւ բարի կամեցողութիւն:

»Ս. Կոյսի բարեխօսութեան դիմելով աղօթենք, որ Տէրը դարմանէ մեր բոլոր հիւանդութիւնները, խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին, մանաւանդ այս օրերուն տագնապահար Սուրիոյ բոլոր զաւակներուն, մասնաւորաբար սուրիահայ մեր գաղութին ընծայէ ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն«:

ԱՂՕԹՔ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ս. Պատարագի ընթացքին, »Տէր Ողորմեա«ի յատուկ աղօթք կատարուեցաւ Սուրիոյ խաղաղութեան ու սուրիահայութեան ապահովութեան համար, որ անցնող 17 ամիսներուն, երկրի քաղաքական աննպաստ պայմաններուն բերումով կորսնցուցած է իրենց հանգիստը եւ տագնապալից օրեր կþապրի:

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:

Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս մեր ժողովուրդին կողմէ առատաձեռնօրէն նուիրուած խաղողն ու մատաղը, որոնք օր մը առաջ Տիկնանց Միութեան եւ կամաւորներու կողմէ տոպրակներու մէջ լեցուած էին, առատօրէն բաժնուեցան հաւատացեալներուն:

Խաղողօրհնէքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց զոյգ մը պսակադրութեան թագեր, որոնցմէ օրինակներ մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն նուիրած էր Տէր եւ Տիկ. Գէորգ եւ Միռնա Քաջարեան բարերար ամոլը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022