«Օրրան» Բարեսիրական Կազմակերպութեան Տարեկան Հանգանակային Ձեռնարկը


Հայաստանի մէջ մանուկներու եւ չափահասներու հոգածութեան ազնիւ առաքելութիւնը իրականացնող «Օրրան» կազմակերպութիւնը Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2015ին, Կլենտէյլի Vertigo Event Venue-ին մէջ, իր հիմնադրութեան 15րդ տարեդարձը նշեց հանգանակային ճաշկերոյթով մը: Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։

Այս կազակերպութիւնը իր դռները բացած է 2000ին, հոգալու համար մանուկներու, չափահասներու եւ տարեցներու կարիքները, անոնց տրամադրելով առողջապահական խնամք, ուսում, աշխատանքի մարզերու մէջ վարժեցում եւ մշակութային գիտելիքներ:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ձայնագրեալ պատգամով մը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց «Օրրան»ի հայրենանուէր գործին: Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նշած էր, որ այս կազմակերպութիւնը կ’արդարացնէ իր անունը, որովհետեւ խնամք կը տրամադրէ կարիքաւոր մանուկին ու տարեցին: Ան կը նկատէր, որ դժբախտաբար, աղքատութիւնը այսօր տարածուած իրականութիւն մըն է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ, իսկ այս վիճակին հետեւանքները ամէնէն աւելի կը կրեն մանուկներն ու տարեցները: Այս պայմաններուն մէջ, »Օրրան«ի առաքելութիւնը արժանի է գնահատանքի ու քաջալերանքի, որովհետեւ սննդանիւթի եւ այլ անմիջական կարիքներու կողքին, այս կազմակերպութիւնը հայ մանուկին կու տայ ապագայի յոյսը եւ մարդկային ընկերութեան լիարժէք անդամը դառնալու հնարաւորութիւնները: Աղքատ միջավայրի մէջ հասակ առնող մանուկը մեծապէս կ’ազդուի բացասական ազդեցութիւններէն. այս իրականութեան իրազեկութեամբ, կը տեսնենք, որ «Օրրան»ի առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր միայն անհատներու օժանդակութեամբ, այլ կը նպաստէ նաեւ ազգին: Այս կազմակերպութիւնը իր ուսերուն ունի ծանր պարտականութիւն մը, որ կ’իրականանայ շնորհիւ ազնիւ նուիրատուներու. իբրեւ զաւակները Երկնաւոր Հօր, մենք կ’անդրադառնանք, որ աւելի նպաստաւոր միջոցներ ունեցողը պարտի օգնութեան ձեռք երկարելու նմաններուն. իսկ Առակը կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ. աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ, վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ. տնանկին ողորմութիւնը ընողը զԱնիկա կը պատուէ»։ Առաջնորդ Սրբազանը կ’օրհնէր այս կազմակերպութեան ծառայողներն ու անոր խնամքը վայելողները, միաժամանակ կոչ ընելով, որ իւրաքանչիւրս պարտինք անդրադառնալ Տիրոջ սիրոյն եւ ողորմութեան եւ այն գիտակցութիւնը արտայայտենք ուրիշներուն ի խնդիր ծառայութեամբ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022