Առաջնորդ Սրբազանը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ Կատարեց Որմնանկարներու եւ Գրադարան-Թանգարանի Օրհնութիւնը – ՀՕՄ-ի Ննջեցեալներուն, Սումկայիթի Զոհերու եւ Արցախի Նահատակներուն Յիշատակին Հոգեհանգիստ

Մեծ Պահոց Գ.՝ Անառակի Կիրակիին, 25 Փետրուար 2018-ին, Մոնթեպելլոյի ծխական համայնքը ապրեցաւ տօնական մթնոլորտ մը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր հոգեւոր պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի վերանորոգման առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց գոհաբանական աղօթք, ինչպէս նաեւ Տաճարի աջակողմեան ու ձախակողմեան որմնանկարներու օծումն ու օրհնութիւնը (որմնանկարները կը ներկայացնեն Ս. Աւետման խորհուրդը եւ Յիսուս Քրիստոսի «ինծի՛ եկէք…» հրաւէրը)։ Իսկ Ս. Պատարագէն ետք՝ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց օրհնութիւնն ու բացման արարողութիւնը հոգելոյս Տ. Սմբատ Արք. Լափաճեանի յիշատակին կառուցուած գրադարան-թանգարանին։

Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Աղօթակից էին Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանն ու Արժ. Տ. Բաբգէն Քհնյ. Մանուէլեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէութեան եւ շրջանի միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը։

Տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ խնդրանքովը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, նոյն օրը, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ Սումկայիթի զոհերուն եւ Արցախեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած նահատակներուն համար։ Ծանօթ է, որ Փետրուարի վերջին շաբաթավերջը 30-ամեակն է Սումկայիթի ոճրային դէպքերուն, իսկ Արցախեան Պայքարը ծայր տուաւ նոյն շրջանին։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսելէ առաջ գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որովհետեւ անգամ մը եւս առիթը ընձեռեց բոլորին՝ մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց։ Ան ողջունեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչը, Հոգեւոր Հովիւը, ծխական համայնքը, Ազգ. Վարչութեան, ժողովականութեան ու պատկան մարմիններու անդամները, բարերարներն ու բարեկամները եւ մաղթեց, որ Մեծ Պահոց այս ժամանակաշրջանը վերանորոգման եւ հաւատքի հաստատման ճանապարհորդութիւն մը ըլլայ բոլորին, որպէսզի հոգուով եւ սրտով, երկիւղածութեամբ ու հաւատքի վերանորոգմամբ, միասնաբար ծառայեն Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ազգին։ Ան նշեց, որ յաւարտ Ս. Պատարագի՝ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ եւ այս գծով, վեր առաւ ՀՕՄ-ի ծառայողներուն եւ ննջեցեալներուն վաստակը, որ դրուած է ի սպաս մեր ժողովուրդի զաւակներուն, աղօթք բարձրացուց ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներուն, նաեւ՝ 30 տարի առաջ ինկած Սումկայիթի անմեղ զոհերուն, Արցախի ինքնապաշտպանութեան ընթացքին ինկած նահատակներու հոգիներուն համար, յորդորելով, որ անոնց յիշատակը անմեռ մնայ բոլորս յիշողութեան մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Ս. Պատարագէն եւ հոգեհանգիստէն ետք նախատեսուած օծումի եւ օրհնութեան արարողութեանց։ Ան օրհնեց բոլոր անոնք, որոնք տարիներու ընթացքին ներդրում ու վաստակ ունեցած են այս տաճարի ծաղկումին ու բարեփոխման մէջ, մասնաւորաբար գնահատեց եւ օրհնեց Թումանեան բարերար ընտանիքը, որ յանձն առած էր Մայր Տաճարի վերանորոգման ծախսերը, ի յիշատակ հանգուցեալ Ճորճ եւ Այրին Թումանեանի, ինչպէս նաեւ՝ Առաքելեան, Իգնատոսեան եւ Մանճիկեան բարերար ընտանիքները, որոնք նուիրած էին նոր որմնանկարները։ Ան յորդորեց, որ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ծխական համայնքը սիրտ-սրտի եւ ձեռք-ձեռքի լծուի համայնքի յառաջդիմութեան ու ծաղկման աշխատանքին։

Խօսելով հոգելոյս Սմբատ Սրբազանին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ վախճանումէն 8 տարի ետք, անոր յիշատակը վառ կը մնայ բոլորիս սիրտերուն մէջ, մանաւանդ, որ ան Աստուծոյ ու մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայութեամբ հարստացուց իր կեանքը, իսկ անոր յիշատակին ձօնուած գրադարան-թանգարանը մշտական յուշարար մը պիտի ըլլայ իր վաստակին ու աւանդին։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ օրուան խորհուրդը, որ կը բխի Անառակի առակէն ¤Ղուկաս 15։1-32¥. ան հակիրճ կերպով պատմեց առակը, որուն ճամբով Յիսուս յստակ պատգամ կը փոխանցէ հաւատացեալներուն. անիկա կը խօսի կորսուած դրամի, ոչխարի, բայց մանաւանդ կորսուած Անառակ Որդիին մասին, ուր լուսարձակի տակ կ’առնուի ոչ միայն կորսուածը գտած ըլլալու երջանկութիւնը, այլ նաեւ «ցուցանիշ մըն է Աստուծոյ անհուն սիրոյն, հոգածութեան ու ներողամտութեան մասին՝ հանդէպ մեղաւորին ու կորսուածին»։ Ան նկատել տուաւ, որ այսօր ալ մեղանչողներ ու ուղիղ ճամբէ խոտորողներ կան, անոնք հեռացած են աստուածահաճ ճանապարհէ, մեր եկեղեցիէն եւ ազգային արժէքներէ ու աւանդներէ, մինչդեռ առանց հաւատքի ու արժէքներ յարգելու՝ կորստեան կը մատնուինք՝, ինչպէս որ է պարագան Անառակին։ Ան յորդորեց «անսալ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ազգային ժառանգութեանց վերադառնալու հրաւէրին, միաժամանակ ուրիշներն ալ հրաւիրելու կատարելու նոյնը», ու մասնաւորաբար կոչ ուղղեց ծնողներուն, որպէսզի այս մօտեցումով դաստիարակեն իրենց զաւակները, զանոնք առաջնորդեն եկեղեցի, Կիրակնօրեայ դպրոց եւ մեր ազգային կեանքին մէջ գործող միութիւններուն, մանկութեան օրերէն իսկ անոնց մէջ խորացնեն ազգային գիտակցութիւնը, որպէսզի անոր կառչած մնան իրենց կեանքի տեւողութեան։ Ան նաեւ յորդորեց պատանիներն ու երիտասարդները, որ հետեւին երէցներու խրատներուն եւ ցոյց տուած ուղիին, մասնակից ըլլան եկեղեցւոյ ու հայութեան հաւաքական կեանքին, իրենց հոգին ու միտքը սնուցանեն երէց սերունդի իմաստութեամբ ու թելադրանքներով, կարողութիւնը ձեռք բերեն ընդունելու այն՝ որ պէտք է որդեգրել, ու մերժելու ոչ-օգտակարը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց՝ յորդորելով գիտակցօրէն զղջալ ու ապաշխարել, արժանանալու համար Աստուծոյ ողորմութեան ու գութին, տոգորուիլ հաւատքով եւ կառչած մնալ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ու մեր հայրերուն կտակած սրբութեանց։

ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Ս. Պատարագէն եւ հոգեհանգիստէն ետք, Մայր Տաճարի վերանորոգման առթիւ կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք։ Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց ու դպրաց դասերուն, սաղմոսներու ընթերցումով, շարականներու երգեցողութեամբ եւ Սրբալոյս Միւռոնով օծումն ու օրհնութիւնը կատարեց Տաճարի որմնանկարներուն։

Տ. ՍՄԲԱՏ ԱՐՔ. ԼԱՓԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր թափօրով եւ շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի նորակառոյց բաժինը, որ սահմանուած է հոգելոյս Տ. Սմբատ Արք. Լափաճեանի յիշատակին նուիրուած գրադարան-թանգարանին. հոգեւոր հայրերուն, հոգաբարձութեան ատենապետին՝ Տիկին Գոհար Կապրիէլի ու Տիար Մայքըլ Թումանեանի հետ, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց նոր բաժանմունքի յուշաքարին քողազերծումը, հատեց ժապաւէնը, որմէ ետք գրադարան-թանգարան մտնելով՝ կատարեց օրհնութիւնը։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։

ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ կից «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւն։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Գոհար Կապրիէլ, որ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը եւ յանուն հոգաբարձութեան՝ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց բարերարներուն, մասնաւորաբար Թումանեան ընտանիքին։ Խօսք առաւ նաեւ բարերար Մայքըլ Թումանեան, եւ հոգեւոր ապրումներով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ ծառայութեան ու գործնական զօրակցութեան մասին։ Սրտի խօսք արտասանեց Հոգեւոր Տեսուչը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս գնահատանք արձանագրեց Թումանեան եւ այլ բարերար ընտանիքներուն, մասնաւորաբար գնահատելով Մայքըլ Թումանեանը, նշելով, որ անոր շինարարական ոգին կ’արդիւնաւորուի, որովհետեւ սաղմոսին բառերով (Սաղմ. 127։1), «եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կը յոգնին զայն շինողները». «Դուք ասպարէզով շինարար էք, սակայն Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն ու սէրն է որ ձեր քայլերը կ’առաջնորդեն դէպի յաջողութիւն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Մայր Տաճարի դպրաց դասը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022