Առաջնորդ Սրբազանը Կատարեց Նոր Օրհնուած Միւռոնով Առաջին Ջրօրհնէքը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ


Մոնթեպելլոյի ծխական համայնքը Կիրակի, 26 Յուլիս 2015ին ապրեցաւ կրկնակիօրէն տօնական մթնոլորտ մը, ընդունելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի այցելութիւնը, լսելով անոր պատգամը եւ ներկայ ըլլալով նոր օրհնուած միւռոնով ջրօրհնէքի առաջին արարողութեան: Այս բազմախորհուրդ արարողութիւնը առիթ եղաւ, որ ծխական համայնքի զաւակները հաղորդակից ըլլան մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեանց, իսկ օրհնուած ջուր ստանալով՝ վերանորոգեցին մեր հաւատքին ու ազգային սրբութեանց հաւատարմութիւնը, նկատի ունենալով, որ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անգամ մը եւս արմատաւորեց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով շեշտուած պահանջատիրութեան ու պայքարի կամքը:

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Խաչ Մայր Տաճար կ’այցելէր Անթիլեասի մայրավանքէն իր վերադարձի վաղորդայնին, նոր օրհնուած միւռոնով կատարելու համար ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը: Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան. ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տեարք Անդրանիկ Գասպարեան, Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Տոքթ. Գալուստ Յակոբեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Շրջանի Կ. Կոմիտէի եւ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ ուխտաւորներու բազմութիւն մը:

ՄԻՒՌՈՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
«Տէր Ողորմեա»էն ետք հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նախ եւ առաջ փառք տուաւ Աստուծոյ՝ Ս. Աթոռոյս մայրավանք իր այցելութենէն անվտանգ վերադարձին առիթով, յիշեցնելով, որ այս առաքելութեան գլխաւոր նպատակն էր մասնակից ըլլալ Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած արարողութեանց ու հանդիսութիւններուն, որոնց բարձրակէտը հանդիսացաւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը, Շաբաթ, 18 Յուլիսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի կողքին կանգնած Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ մեր նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներուն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմերու Առաջնորդներուն, ներկայութեամբ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու կամ ներկայացուցիչներու: Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ միւռոնի ներգործօն կարեւորութեան մասին, յիշելով, որ միւռոնը հայ քրիստոնեայի կեանքին մէջ սրբազան ներկայութիւն է անոր մանկութեան օրերէն սկսեալ, երբ մանուկը կը կնքուի միւռոնով, անիկա կը գործածուի նուիրական արարողութեանց պահուն, ինչպէս եկեղեցիներու օծման եւ հոգեւորականներու ձեռնադրութեան: Ան նշեց, որ այս արարողութիւնը մեր եկեղեցւոյ ամէնէն սրբազան ու հինաւուրց աւանդութիւններէն է, հաստատուած՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ, մաղթելով, որ միւռոնի օրհնաբեր ներկայութիւնը մարմնաւորուի մեր կեանքին մէջ ու կենսաւորէ մեզ:

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՍՄԲԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՎԱՍՏԱԿԻՆ
Նկատի ունենալով, որ յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենար հոգելոյս Սմբատ Արք. Լափաճեանի վախճանման 5րդ տարելիցի հոգեհանգիստը, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ մեր եկեղեցւոյ բազմավաստակ ծառայութիւն մատուցած Սրբազանին կեանքին ու գործունէութեան, վեր առաւ անոր բարի հովիւի, նուիրեալ առաջնորդի առաքինութիւնները, որոնք կը պահպանուին մեր հոգիներուն մէջ: «Զինք միշտ պիտի յիշենք իբրեւ առաջնորդ մը, որ կենսական դերակատարութիւն ունեցաւ մեր Թեմի կազմաւորման եւ կերտումին մէջ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, եւ աղօթք բարձրացուց անոր հոգիին խաղաղութեան համար:

ԼԻԶՊՈՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Կիրակին նախօրեակն էր Լիզպոնի մէջ հինգ հայ հերոսներու նահատակութեան 32րդ տարեդարձին, ու այդ առիթով, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ անոնց յիշատակին:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Լիզպոնի հինգ քաջերուն նահատակութեան ու անկէ բխած պատգամներուն: Ան յիշեցուց, որ հինգ հերոսները իրենց գերագոյնը նուիրաբերեցին մեր արդար իրաւունքներու սեղանին, ի խնդիր Ցեղասպանութեան ու մեր իրաւունքներուն ճանաչման: «Իրենց քաջարի արարքով, անոնք աշխարհին յիշեցուցին, որ Հայ ժողովուրդը աննահանջ կերպով պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական երթը, մինչեւ մեր արդար իրաւունքերուն իրագործումը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, յոյս յայտնելով, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի այս տարուան ընթացքին, անոնց օրինակը դառնայ ներշնչումի աղբիւր:

Խօսելով Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնէն երեք շաբաթ ետք մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ այս Կիրակիի Աւետարանի հատուածին ու անկէ բխող պատգամին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ մեր կեանքին մէջ ամուսնութեան խորհուրդին սրբութեան հանգամանքը: Ան ընդգծեց, որ ամուսնութեան խորհուրդին վրայ հիմնուած ընտանիքը սրբազան հաստատութիւն մըն է, հիմը՝ առողջ ընտանիքի եւ հաւաքականութեան, երաշխիքն է առողջ եւ հաստատուն համայնքի մը կերտումին: Ան մէջբերեց Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի Ընտանիք» գործին այն տողերը, ուր ընտանիքը կը ներկայացուի իբրեւ փոքր թագաւորութիւն մը, ուր հայրը կը նմանի իշխող թագաւորին, մայրը՝ թագուհիի, եւ անոնք միասնաբար կը կառավարեն ընտանիքը: Այս թագաւորութեան մէջ չկան ոստիկաններ կամ սուր ու վայրագութիւն, այլ այնտեղ կը տիրապետեն հայրական սէրն ու մայրական զգացումները: «Մանուկներուն համար, ծնողներուն ապրող օրինակը կը հանդիսանայ դաստիարակութեան գործնական դաս», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, շեշտելով, որ «որեւէ ժամանակէ աւելի, այսօր է որ մեր ընտանիքները կարիքն ունին կենսաւորուելու սիրով, բարութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ», եւ աղօթք բարձրացուց, որ մեր ընտանիքներն ու հայրենիքը վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնները, իսկ «նոր օրհնուած միւռոնը դառնայ հոգեկան վերածննդեան եւ ազգային արթնութեան աղբիւր՝ հայկական աշխարհի բոլոր ծագերուն»:

ՋՐՕՐՀՆԷՔ
Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նոր միւռոնով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը: Միւռոնաթափ աղաւնին թափօրով խորան բերուեցաւ «Կենդանարար Աստուած» շարականին երգեցողութեամբ, բարձրացուեցաւ միւռոնի օրհնութիւնը հայցող աղօթքը, որ կ’ըսէ. «Ով Տէր, ամենասուրբ Հոգիիդ զօրութեամբ՝ թող այս իւղը ըլլայ ցնծութեան իւղ,՝ լուսաւոր զգեստ, թագաւորութեան օծում, հոգիներուն եւ մարմիններուն սրբութիւն, հոգեւորական շնորհք, կեանքի պահապան, արդարութեան կնիք, բոլոր չարախօսութեանց դէմ մարտնչող ու յաղթող հաւատքի զէնք, օդի մաքրութիւն, սիրտերու ցնծութիւն եւ յաւիտենական ուրախութիւն»: Առաջնորդ Սրբազանը միւռոնի հեղումով եւ խաչով օրհնեց ջուրը:

Արարողութեան աւարտին, ներկայ հաւատացեալները, իբրեւ ուխտաւոր՝ Ս. Հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր ստացան:

Եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկայ հաւատացեալները թափօրով դուրս եկան եւ հոգելոյս Սմբատ Սրբազանի շիրիմին շուրջ խմբուած, «Հոգւոց» աղօթք կատարեցին անոր հոգիին համար: Աղօթք բարձրացուցեաւ նաեւ Լիզպոնի հերոսներուն հոգիներու խաղաղութեան համար: Արարողութիւնը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով ու «Կիլիկիա» խմբերգով։ Ապա, ներկայ հաւատացեալները ուղղուեցան «Թումանեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էին հոգելոյս Սրբազանի յիշատակի հիւրասիրութիւն մը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022