Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն

Հայաստանի անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, գլխաւորեց Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը, կատարեց Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան. ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։

Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը սկսաւ խաչի եւ Դրօշակի թափօրով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներ հայկական Եռագոյնը բերին Ս. Խորան, մինչ դպրաց դասը կ’երգէր «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ» շարականը։ Հետեւեցան աղօթքներ, շարականներ, Ս. Գրային ընթերցումներ. աղօթք բարձրացուեցաւ ի խնդիր մեր հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ երկրի ղեկավարներուն գործոց բարեաց յաջողութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց դրօշին օրհնութիւնը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրեց մեր ազգի յառաջդիմութեան համար։

Իր պատգամին սկիզբը, «Քու ամենայաղթ խաչիդ նշանովը պահէ ու պահպանէ մեզ աներեւոյթ թշնամիներէն, ո՜վ մարդասէր Տէր, որովհետեւ դուն ես փառքի թագաւորը, օրհնեալ ըլլաս յաւիտեան» բառերով՝ Առաջնորդ Սրբազանը խնդրանք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի պահէ եւ պահպանէ մեզ, մեր հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը։ Ապա, հակիրճ ձեւով ներկայացուց «Հանրապետական Մաղթանք»ի իմաստն ու նպատակը, նշելով, որ այս արարողութեան ընթացքին փառք եւ գոհութիւն յայտնեցինք Աստուծոյ անկախ պետականութիւն պարգեւելուն եւ մեր պետութիւնը անսասան պահելուն համար։ Այնուհետեւ, աղօթք բարձրացուցինք առ Աստուած, որպէսզի իմաստութիւն, ոյժ եւ կորով շնորհէ մեր երկրի պետական այրերուն, հրամանատարներուն եւ զինուորներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այսօր, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, մեր եկեղեցին կը նշէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնին բարեկենդանը, որ Խաչի չորս տօներէն մէկն է եւ յատուկ է մեր եկեղեցւոյ, անոր արմատները կ’երթան Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակման օրերը։ Արդարեւ, Ս. Հռիփսիմէ Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը Հայաստան բերած էր, զոր հալածանգի վտանքի օրերուն ապահով վայրի մը մէջ պահեց եւ եօթներորդ դարուն, երբ Հայաստան ինկած էր արաբական տիրապետութեան տակ, հրաշքով մը Ս. Խաչը գտնուեցաւ Վարագ լերան վրայ, եւ այնուհետեւ, մեր պատմութեան ամենադժնդակ օրերուն պահպանեց մեզ։ Մեր ժողովուրդը խաչի լոյսին հետեւելով քալեց դարերու ընդմէջէն, մինչեւ որ հասաւ 1918 թուականը, երբ ծնունդ առաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը։ Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքէն ետք, Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ համայնավար տիրապետութիւն, եւ ահա, 70 տարի ետք, Հայաստան վերստին անկախ դարձաւ 26 տարի առաջ եւ մենք 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, միասնաբար նշեցինք անկախութեան տօնը։

«Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձը նշեցինք այն օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ իր լրումին կը հասնէր Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովը, որ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» նշանաբանով՝ կոչուած էր ի մի բերելու հայութեան երկու գլխաւոր թեւերուն՝ հայրենի ու արտերկրի հայութեան ձեռքերն ու հայրենաշինութեան կամքը, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնակցեցաւ այս խորհրդաժողովին ու իր հայրապետական պատգամով, կատարեց արդար գնահատականներ ու մատնացոյց ըրաւ հայրենի պետութեան ու համայն հայութեան դիմաց տարածուող գործի անդաստանները։ Նոյն օրերուն, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կը մասնակցէր ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի բացման պաշտօնական ժողովներուն ու հայութեան հարցերն ու պահանջները կը բարձրացնէր միջազգային այս ամպիոնի բեմը»։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ «Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձը տօնեցինք այն օրերուն, երբ ողջ հայութիւնը արդէն սկսած է պատրաստուիլ Սարտարապատի ու զուգահեռ հերոսամարտերու երկունքէն ծնած ՝ 28 Մայիս 1918ի անդրանիկ հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձին։ Հայաստանի պետութիւնն ու սփիւռքեան կառոյցներ այժմէն իսկ ձեռնարկած են նախապատրաստական աշխատանքի, որպէսզի հարիւրամեակը տօնակատարուի պատշաճ շուքով, յարգանք մատուցուի հայուն պետականութիւնը վերականգնող սերունդին ու վերահաստատէ անոնց աւանդին հաւատարմութիւնը»։ Ան յիշեցուց, որ «ինչպէս Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան ծնունդը՝ 28 Մայիս 1918-ին, մեր հայրենիքին անկախութեան վերահաստատումն ալ ձեռք բերուեցաւ երկունքով ու անհաւասար պայքարի մէջ շահուած յաղթանակներով։ 1988-ին հնչած Արցախեան պահանջատիրութիւնը պատրաստեց այն ուղին, որ 1991-ին Հայաստանի ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի անկախութեան հանրաքուէ. մեր ժողովուրդը բացարձակ մեծամասնութեամբ «այո» քուէարկեց անկախութեան ընտրանքին, եւ 21 Սեպտեմբերի պատմական հռչակագիրով, Հայաստան վերստին դարձաւ անկախ պետութիւն, հայկական գերիշխանութիւնը վերահաստատուեցաւ մեր պատմական հայրենիքի այս տարածքին վրայ»։

«26 տարի առաջ վերածնած անկախութիւնը մարմնաւորեց Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան աւանդներն ու ժառանգութիւնը։ Եռագոյն դրօշը անգամ մը եւս ծածանեցաւ մեր հայրենիքի երկնակամարին, վերականգնեցան Քայլերգն ու Զինանշանը, վերակազմաւորուեցան բանակն ու պետական հաստատութիւնները։ Եւ ահա, 26 տարիէ ի վեր, Հայաստան կը քալէ իր սեփական ուղիով, տէրն է իր ճակատագիրին եւ աւանդապահը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրին, որ մեզի հասած է անդրանիկ հանրապետութենէն»։ Ան նկատել տուաւ, որ «26 տարիներու երթը նոր հանգրուաններ կտրած է մեր ազգային իրաւունքներուն ճանաչում ապահովելու ճանապարհին։ Երկու տարի առաջ, կտրեցինք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանը եւ մեծ յառաջխաղացքներ արձանագրեցինք մեր Դատի ճանաչման ճամբուն վրայ, Արցախեան Պայքարը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի աննահանջ ու անսասան կամքով, մնալով այն հունին մէջ, որ սկիզբ առած էր անկախութեան հռչակման նախօրեակին։ Փաստօրէն, Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու մեր պատմական հերոսամարտերու դաշտերը այսօր փոխադրուած են Արցախ, ուր մեր քաջարի բանակայիններն ու ֆետայիները հայրենի հողը կը պաշտպանեն գերագոյն զոհողութիւններով, իրենց կողքին ունենալով ամբողջ հայութիւնը»։ Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ ներկայիս, «Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումն ու Արցախեան Պայքարը հպարտանքի աղբիւր են ողջ հայութեան համար, Հայաստանի թէ սփիւռքեան օճախներուն մէջ։ Մենք եւս, իբրեւ Արեւմտեան Թեմի հաւատաւոր զաւակներ, հպարտ ենք Հայաստանով, զօրակից ենք Արցախի ինքնապաշտպանութեան լծուած բանակայիններուն ու ազատամարտիկներուն, Արցախի ու Հայաստանի պետութեանց»։ Ան իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն, որ «այսօր, անգամ մը եւս աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած եւ խնդրենք, որ անվտանգ պահէ մեր անկախ հայրենիքը, հզօրացնէ մեր հողերուն ու սահմաններուն պաշտպանները՝ բանակն ու զինակից ազատամարտիկները, եւ մեր պետութեան ղեկավարներուն պարգեւէ իմաստութիւն ու կարողութիւն՝ մեր հայրենիքին նաւը առաջնորդելու դէպի խաղաղութեան ափ, դէպի ամրակայում եւ բարգաւաճում»։ Ան օրհնեց հայրենիքի պաշտպաններ եւ մաղթեց, որ հայկական Եռագոյնը հպարտօրէն ծածանի մեր հայրենիքին ու աշխարհասփիւռ հայութեան երկնակամարին։

Արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը անակնկալ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազանին, անոր ծննդեան 60-րդ տարեդարձին առիթով։

Հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կից «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ։ Ներկայ էին Հոգեւոր հովիւը, Ազգ. Վարչութեան ատենապետը, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» Կոմիտէի, ազգային երեսփոխանական ժողովի, հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան, դպրաց դասի, Կիրակնօրեայի, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ու Հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղի եւ Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան անդամներ։

Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքի խօսքեր ուղղեցին Տ. Ռազմիկ Աւ. Քահանայ, Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Լեւոն Արապեան։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցիկ անակնկալին համար։ Պատրաստուած էր տարեդարձի կարկանդակ մը, որուն հատումէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022