Առաջնորդ Սրբազան կը Շնորհաւորէ Հ.Յ.Դ. Փասատինայի «Լեռնավայր» Կոմիտէութեան 40-Ամեակը

Հ.Յ.Դ. Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-ին, տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը՝ շրջանի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան, կատարեց բացման աղօթքը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին պետական անձնաւորութիւններ, գաղութի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, կատարողութեամբ Բարեշնորհ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի։ Բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավարը՝ Տիար Կարպիս Հինտոյեան։ Սեղանի օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ շնորհաւորեց «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը, օրհնեց յիշատակը այս կեդրոնին հիմնադիրներուն եւ գնահատեց նուիրեալ ծառայողները, մասնաւորաբար նուիրատուներն ու բարերարները, որոնց շարքին՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանը, որոնք յանձն առած են այս ձեռնարկին հովանաւորումը։

Ընթրիքէն ետք, յայտագիրը շարունակուեցաւ ողջոյնի ու սրտի խօսքերով։ Խօսք առին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը՝ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, հիւրընկալ կոմիտէութեան ներկայացուցիչը՝ Տիար Արման Պաղտոյեան. հանդիսավարը ներկայացուց հանդիսութեան գլխաւոր հովանաւորները՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը, ինչպէս նաեւ գլխաւոր նուիրատուները՝ Տէր եւ Տիկին Ճօ եւ Հուրի Պաղտատլեան, Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեան եւ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիմա Կարապետեան ամոլները։

Պետական պաշտօնատարներ արտասանեցին ողջոյնի խօսքեր եւ գնահատագիրներ յանձնեցին կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց կարգին յուշանուէրներ յանձնեցին հանդիսութեան հովանաւորներուն՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին, գլխաւոր նուիրատուներուն ու պետական անձնաւորութեանց։

Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն՝ ի յիշատակ կոմիտէութեան մահացած ընկերներուն, ապա կատարուեցաւ հատումը 40-ամեակի կարկանդակին։

Ապա յայտարարուեցաւ օրուան անակնկալը. կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետը՝ Տիար Սարգիս Թաթիկեան յայտնեց, թէ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան Փասատինայի Հայ Կեդրոնին կը կատարեն իշխանական նուիրատուութիւն մը, ի պատիւ եւ ի յարգանս Տիկին Հուրի Մելքոնեանի ծնողներուն, հետեւաբար, Կեդրոնը պիտի կոչուի Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիւէլէկեան անունով։

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ՝ յոբելենական գեղեցիկ հանդիսութեան առիթով եւ նշեց, որ ամէն անգամ, երբ ազգային հպարտութիւն առթող այսպիսի իրագործումներու դիմաց կը գտնուի՝ առաւել եւս կը գօտեպնդուի. ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ նոր եռանդով ու խանդով վերանորոգեն ծառայական ուխտը, ու շնորհաւորեց Փասատինայի հայ գաղութը եւ «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ հանդիսութեան հովանաւորին՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին մասին, որոնք իրենց ծնողասիրութեան ու երախտագիտութեան այս նոր արտայայտութիւնը կատարեցին, յանձն առնելով Հայ Կեդրոնի բարերարութիւնը։ Անոնք շատ մօտիկ անցեալին, Պըրպէնքի Հայ կեդրոնին մէջ եւս բարերարութիւն մը կատարած էին ի պատիւ Տիար Վարանդի ծնողաց, եւ կեդրոնին մարզարանը կոչուած էր «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» մարզասրահ։ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիւելէկեան ամոլը օրինակելի ծնողք եղած է, զաւակները դաստիարակած է այն սկզբունքներով եւ հաւատքով, որոնց հաւատացած է ինք. Հայ Եկեղեցին իրենց համար եղած է հարազատ տուն եւ ընտանեկան սրբութեան պահպանման խարիսխ, ազգային հաստատութիւնները իրենց համար եղած են հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանող օրրան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Երեկոյթը շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ