Շաբաթ 19 Մայիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի »Հիլթըն« պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին, յատուկ պատիւի ու յիշատակումի արժանացաւ »Հետք« համակարգչային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Էտիկ Պաղտասարեանը, Հայաստանի բնակչութեան կեանքին մէջ բարեփոխում իրագործելու իր գործին համար։ Անոր շնորհուեցաւ »Հրանդ Տինքի անուան Խօսքի Ազատութեան« մրցանակը։
Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթի։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր գնահատանքն ու օրհնութեան խօսքը։ Ան իր խօսքը սկսաւ առողջութեան բարեմաղթութիւն կատարելով ընկերակցութեան անդամներէն Վիգէն Սիմոնեանին, ապա, բարձր գնահատեց Ընկերակցութեան ու անոր անդամներուն ծառայութիւնները՝ ի խնդիր արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ապա նաեւ՝ ի նպաստ Հայաստանի տրամադրուած աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, որոնք կþիրագործուին քաղաքացիներուն մօտ ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներուն տարածումով։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ արհեստավարժներու այս ընկերակցութեան անդամներուն թիւը յաւելում կþարձանագրէ, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ ուղիղ պահէ անոնց քայլերը, ի խնդիր ազնիւ առաքելութեան իրականացման։
Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ գնահատանք արձանագրեց ընկերակցութեան շրջանաւարտ ատենապետ Էտվին Մինասեանի ու նորընտիր ատենապետ Կարօ Ղազարեանի ծառայութիւններուն մասին, ողջունեց հայրենի խմբագիր Էտիկ Պաղտասարեանի պարգեւատրումը ու մաղթեց, որ Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութիւնը շարունակէ իր ծառայական ուղին ու նուաճէ նոր բարձունքներ, շնորհիւ իր անդամներուն ու նոր ատենապետին նուիրումին։