Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան Տարեկան Ճաշկերոյթ


Շաբաթ, 13 Յունիս 2015ի երեկոյեան, Beverly Hills “Մոնթաժ” պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Միութեան 25ամեակի ճաշկերոյթը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր գնահատանքի խօսքը եւ օրհնութիւնները։ Ան անդրադարձաւ այս ընկերակցութեան հայրենանուէր եւ ժողովրդանուէր ծառայութիններուն, մաղթելով յարատեւութիւն՝ օրէնքի կիրարկման ու պաշտպանութեան առաքելութեան ճամբուն վրայ:

Այս ձեռնարկին առիթով, ընկերակցութիւնը պատիւի արժանացուց ազգանուէր ծառայութիւն ունեցող դէմքեր, որոնց շարքին էին Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը (Հրանդ Տինքի անուան ազատութեան պարգեւ), իրաւաբան Կարօ Ղազարեանն (Հանրային Ծառայութեան պարգեւ) ու հանգուցեալ Ռապըրթ Գարտաշեանը (յետ մահու, Ընտանեկան Ժառանգութեան պարգեւ): Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատական խօսքերով անդրադարձաւ Փրոֆ. Յովհաննիսեանի ծառայութեանց՝ մեր պատմութեան, լեզուին, մշակոյթին ու Դատին ծանօթացման ո պահպանման մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ վեր առաւ Տիար Կարօ Ղազարեանի դերակատարութիւնը հայութեան հասարակական կեանքին մէջ, յատկապէս Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց յիշատակ Ռապըրթ Գարտաշեանի, որ յետ մահու կը պատուըուէր, ու դրուատիքով խօսեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ վերջին շրջանին անոր զաւակներուն ներդրումին մասին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ