Առաջնորդ Սրբազանը Պատգամը Ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 43-րդ «Նաւասարդեան»ներու Փակման Հանդիսութեան

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 43րդ «Նաւասարդեան» խաղերու փակման հանդիսութիւնն ու տողանցը տեղի ունեցան Շաբաթ, 7 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Վէն Նայսի «Պըրմինկհէմ» վարաժարանի մարզաւանին էջ։ Այս տարուան խաղերը ձօնուած էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին։ Ներկայ էին Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց անդամներ, ներկայացուցչական դէմքեր, այս տարուան խաղերուն պատուոյ նախագահը՝ Տէր եւ Տիկին Համելէթ եւ Կրեթա Չրախճեան ամոլն ու Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի պատիւին արժանացած՝ բազմավաստակ միութենական Տիար Գօգօ Պալեան։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր պատգամը

Պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազանին, վարչական ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնական անձնաւորութեանց մուտքով եւ դրօշակի արարողութեամբ. դրօշակները դաշտ հասան անկարգելով։ Խօսք առին Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Վիգէն Դաւիթեան, Շրջ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Սարգիս Կարապետեան, որ ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորանքի գիրը։ Ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակին առիթով գնահատագիր մը յանձնեց Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչներուն։ Շրջ. Վարչութկեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Մանուէլ Մարսէլեան, որ ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը նախ եւ առաջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է այս տարի ազգովին տօնախմբելու ազգային հպարտութիւն առթող Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100-ամեակը, որ նաեւ 100-ամեակն է մարզական այս մեծ միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Ան ողջունեց բոլոր ներկաներն ու ներկայացուցչական դէմքերը, այս հանդիսութիւնը նկատելով նոր նուաճում մը, որ կ’եզրափակէ ամիսներու վրայ երկարած ազնիւ մրցակցութիւնը, եւ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը. «100 տարեկան այս երիտասարդը իր դարադարձը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Դարերու ստրկութենէ ետք, մեր պատմական հայրենիքին մէջ հայկական պետականութեան վերականգնումին տարեկից է Հ.Մ.Ը.Մ.-ը՝ 100 տարեկան այս երիտասարդը, որ իբրեւ ներշնչումի աղբիւր ու ծառայութեան նպատակ ընտրած է մայր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը, մասնաւորաբար անոր մատղաշ սերունդները՝ պատանին ու երիտասարդը, դառնալով հայակերտումի ու մարդակերտումի անփոխարինելի դարբնոց մը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, վեր առնելով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ իր անփոխարինելի տեղը ունեցող Հ.Մ.Ը.Մ.-ին դերը. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ը երիտասարդ է իր անդամներո՛վ, երիտասարդ է իր վարչականներո՛վ, մարզիկներո՛վ ու համակիրներո՛վ, եւ ուժականութիւնը ունի երիտասարդ պահելու բոլոր անոնք, որոնք կը մտնեն իր դրօշին տակ, անոնց մէջ հաստատ կը պահէ երիտասարդական եռանդն ու կամքը, Հայ Եկեղեցւոյ, Հայ ժողովուրդին ու մայր հայրենիքին ծառայելու հաւատքը, կամքը, կորովը, սէրն ու նուիրումը», ըսաւ ան։

Խօսելով այս միութեան պատմական առաքելութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղաւ հայութեան այն միաւորներէն, որոնք մարմնաւորեցին մեր ժողովուրդի վերապրելու, վերականգնումի եւ հայուն դրօշը դէպի նոր բարձունքներ տանելու կամքը։ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով՝ այս միութիւնը տասնամեակներ շարունակ աննահանջ յառաջ ընթացաւ՝ հայ պատանիին ու երիտասարդին մէջ կերտելու համար մա՛րդը, հա՛յը եւ մարդկային ընկերութեան ազնիւ անդամը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ջահէն արձակուած լոյսը տարածուեցաւ հայկական աշխարհով մէկ, տասնամեակներ առաջ հասաւ նաեւ ամերիկեան այս ափերը, իսկ աւելի քան 25 տարի առաջ, վերստին շողաց մեր մայր հայրենիքի երկնակամարին վրայ։ Այս ապրումով՝ ան գնահատանք արձանագրեց միութեան անցեալի ու այժմու ծառայողներուն, վարչական ըլլան անոնք թէ սկաուտներ ու անդամներ, ընդգծելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յարկին տակ իրերայաջորդ սերունդներ կը դաստիարակուին իբրեւ քրիստոնեայ հայեր, անոնք կը սորվին, թէ հայութիւնն ու հայրենիքը ինչո՛ւ առողջ միտքով ու առողջ մարմինով զինուորագրեալներու պէտք ունին այսօր եւ մի՛շտ։ Պերճախօս վկաներ են Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործակցութեամբ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» սկաուտական շքանշաններու ծրագիրները։ Մեր այսօրուան ուրախութիւնը աւելի շեշտակի է, որովհետեւ յաղթական այս տողանցքին կը մասնակցին յատուկ հոգածութեան ու գուրգուրանքի արժանացող «հրաշք» նոր մարզիկները։ Ապրին, շատ ապրին մեր նորահաս սերունդի բոլոր ներկայացուցիչները։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը ողջոյնի ու գնահատանքի յատուկ խօսք ուղղեց այս տարուան «Նաւասարդեաններուն» պատուոյ նախագահին եւ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականին ու անցեալ տարիներու պատուոյ նախագահներուն, եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ապրի՛ն, հազա՛ր ապրին Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկները, սկաուտներն ու անոնց հոգածութեան լծուած բոլոր ծնողներն ու պատասխանատուները։ Թող «Նաւասարդեաններու» տողանցքներն ու անոնց ճամբով շահուած մրցանակները իբրեւ պատիւ բաշխուին ողջ հայութեան, բոլորիս սիրտերն ու հոգիները լեցնեն հպարտութեամբ, որպէսզի յառաջիկայ՝ 44-րդ եւ անոր յաջորդող «Նաւասարդեաններուն» եւս, բարձրաճակատ բարձրացնենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եռագոյն դրօշը, հայութեան երթը շարունակենք աննահանջ, մինչեւ որ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգին բառերով՝ նահատակ ցեղի անմահներն ու անոնց հաւատարիմ ժառանգորդները այդ դրօշը կոթողեն հայկական հեռագոյն լեռներուն ու Արարատի գագաթներուն, իրականացնեն 100-ամեայ հանրապետութեան ամէնէն նուիրական պատգամը՝ ազատ, անկախ եւ միացեա՛լ Հայաստանը»։ Ան շնորհաւորեց 100-ամեակը Հայաստանի Հանրապետութեան ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, աղօթք բարձրացնելով, որ Աստուծոյ Ս. Աջը ընդմիշտ պահապան մնայ բոլորիս վրայ։

Պաշտօնական խօսքերէն ետք, սկսաւ յաղթական տողանցքը։ 19 մասնաճիւղերէ եկած մարզիկներու եւ սկսուատներու շարքին, տողանցիքն մասնակցեցան յատուկ հոգածութեան արժանացող պատանիներու «Հրաշք» խումբն ու այն 180 սակուտներները, որոնք այս ամառ պիտի մասնակցին Հայաստանի մէջ աւանդական միջ-մասնաճիւղային բանակումին ու անոր զուգահեռ աշխատանքներուն։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, որ աւելի եւս ջերմացուց տրամադրութիւնները, մանաւանդ, որ ներկաները արդէն ջերմացած էին կիզիչ տաքին պատճառով…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՐՊԱԿՆԵՐԸ
Նշենք նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազանը, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանի ընկերակցութկեամբ, Հինգշաբթի, 6 Յուլիսին, այցելեց «Նաւասարդեան»ներու կրպակները եւ դիմաւորուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ կարգ մը մասնաճիւղերու ու գործակից միաւորներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ծառայողներու նուիրումին մասին, ապա նաեւ հանդիպում ունեցաւ մարզական կարգ մը խումբերու հետ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022