Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեծ ընտանիքն ու համակիրները Կիրակի, 3 Յուլիսի երեկոյեան ժամադրուած էին Վէն Նայսի «Պըրմինկհէմ» վարժարանի մարզադաշտին մէջ, ականատես ըլլալու համար «Նաւասարդեան» 41րդ խաղերու փակման հանդիսութեան ու հազարաւոր սկսուտներու, մարզիկներու եւ վարչական պատասախանատուներու տողանցքին:
Ընդառաջելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսաւոր արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը: Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական ու Շրջանային վարչութեանց անդամներ, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, այս տարուան «Նաւասարդեան»ներուն պատուոյ նախագահը՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Տիար Խաչօ Աչաճեան եւ Տիկինը՝ Արաքսի, Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի պատիւին արժանացած Տիար Գրիգոր Մկրեան, նախկին պատուոյ նախագահներ, ներկայացուցչական դէմքեր եւ բազմահազար հանդիսականներ:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Մանուէլ Մարսէլեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վիգէն Դաւիթեան: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ ուղղելու իր պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց բոլոր ներկայացուցչական դէմքերն ու հանդիսականները, նշելով, որ այս տարուան խաղերուն համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ը արդարօրէն ընտրած է «Արցախը մենք ենք» նշանախօսքը, եւ Արցախի զօրակցութեան ոգիով ու խորհուրդով է որ տեղի ունեցան մարզախաղերն ու այսօր տեղի կ’ունենայ յաղթական տողանցքը: «Դուք այսօր համախմբուած էք, ոչ միայն ականատես ըլլալու մեր պատանի ու երիտասարդ սկաուտներուն, մարզիկներուն ու ախոյեաններուն յաղթական տողանցքին, այլ նաեւ հաղորդակից դառնալու մեր պատմութենէն մեզի հասած աւանդներուն, Նաւասարդեան մրցախաղերու մթնոլորտին: Այսօր, բոլորիս հոգիներուն մէջ կամուրջներ կը ստեղծուին դէպի այն դարերը, երբ մեր պապերը Հայաստանի տարբեր շրջաններէն ի մի կը խմբուէին ազնիւ մրցակցութեան ոգիով, ստեղծելով հարուստ ժառանգութիւն մը, որուն ամէնէն հաւատարիմ աւանդապահն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ նկատել տուաւ, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, այսօր նաեւ տօնն է մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան, որ կը խորհրդանշէ լոյս, պայծառութիւն եւ հոգեկան մաքրութիւն: Վարդավառի տօնը եւս մեզ կը կամրջէ մեր հինաւուրց աւանդութեանց, տօն մը, որ Հայ ժողովուրդի քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք ընդունելէն ետք, ստացաւ նոր խորք ու քրիստոնէական դրոշմ: Ան դրուատիքով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ գործող բոլոր վարչութեանց ու միաւորներուն նուիրեալ աշխատանքին մասին, որուն նպատակն է մեր նոր սերունդը տոգորել քրիստոնէական ու հայեցի ազգային դաստիարակութեամբ, «Առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ» նշանաբանով:
Ան ողջոյնի խօսք ուղղեց անցեալ տարիներու եւ այժմու պատուոյ նախագահներուն, Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի տիտղոսակիրին, եւ օրհնեց բոլոր սկաուտները, մարզիկներն ու անոնց ծնողները, ապա շարունակեց. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը այս տարի եւս փառահեղ կերպով կը ծածանի այս փառատօնին, եւ բոլորիս սիրտերուն մէջ անգամ մը եւս կ’արձագանգէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգը՝ «Յառաջ Նահատակ»ը: Այս տարի սակայն՝ տարբեր հնչեղութեամբ, որովհետեւ յաջորդած են Արցախի մէջ մեր սահմանապահ հերոսներուն պաշտպանական սխրանքներուն, երբ հայութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ աշխարհի չորս ծագերուն, վերանորոգ յանձնառութեամբ կը շարունակէ իր պահանջատիրական յաղթարշաւը»: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ մեր պահանջատիրական երթին նորագոյն արտայայտութիւնները եղան Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր մէջ կայսերական Գերմանիոյ պատասխանատուութեան բաժինի հաստատումը, իսկ Յունիսի վերջերուն, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետը՝ Ֆրանչիսքոս Պապը, Հայաստան իր ուխտագնացութեան առիթով, անգամ մը եւս յայտարարեց, որ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան զաւակները զոհ գացած են Ցեղասպանութեան, ու գործնական հրաւէր մը ուղղեց արդարութեան ու խաղաղութեան: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը իր յաղթարշաւը վերանորոգ թափով պիտի շարունակէ Ցեղասպանութեան 101րդ տարեդարձէն անդի՛ն ալ, ու բոլորս անսակարկ յանձնառութեամբ պիտի լծուինք մեր ազգային ու հողային պահանջատիրութեան Դատին, այն ոգիով, որ մեզի կը թելադրուի Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հռչակած «Ծառայութեան Տարի»էն: Պիտի ծառայենք մեր հայրենիքին, երբ այս տարի կը նշենք մեր նոր անկախութեան 25-ամեակը, վերանորոգելու համար մեր յանձնառու ուխտը։ Նոյն ոգիով պիտի շարունակենք զօրակցիլ Արցախի մեր ժողովուրդին ու քաջարի բանակին, եւ օգնութեան պիտի հասնինք Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մեր ազգակիցներուն, մեր աչքերը սեւեռած Արարատին, Վանին ու Սասունին: Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներն ու համակիրները, մաղթելով որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը ընդմիշտ ծածանի հայութեան կեանքին վրայ, առաջնորդելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարդակերտումի ու հայակերտումի ազնիւ առաքելութիւնը, որպէսզի «Յառաջ Նահատակ Ցեղի անմահներ» յաղթերգով, այդ դրօշը տանինք ու «կոթողենք կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»:
Առաջնորդ Սրբազանին խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ տողանցքը, որուն ընթացքին բաշխուեցան յաղթականներուն բաժակները: Տողանքի աւարտէն ետք, ներկաները վայելեցին երգի փառատօն:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Ուրբաթ, 1 Յուլիսի երեկոյեան, այցելած էր «Նաւասարդեան»ներու աւանը եւ դիմաւորուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան ու սկաուտական պատասխանատուներու կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան: Ներկայ էին նաեւ Տէր եւ Տիկին Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեանն ու Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական տիտղոսին արժանացած Տիար Գրիգոր Մկրեան: Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց կրպակներն ու տաղաւարները, գնահատանքով արտայայտուեցաւ նուիրեալ ծառայողներուն մասին եւ օրհնեց բոլորին ճիգերը: