Առաջնորդ Սրբազանը Պատգամ մը Ուղղեց Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ՈՒսուցչաց Սեմինարին Մասնակիցներուն


Իւրաքանչիւր ուսումնական տարեմուտէ կարճ ատեն ետք, Թեմիս Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը կը կազմակերպէ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան սեմինար մը, որուն մասնակցելու կը հրաւիրուին մեր Թեմին մէջ գործող բոլոր հայկական վարժարաններու ուսուցիչները, լսելու մասնագէտներու դասախօսութիւններն ու ցուցմունքները՝ դաստիարակչական ու մանկավարժարական հարցերու մասին:

Ուսուցչաց սեմինարը այս տարի տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 Յունուար 2016ին, Նորթրիճի համալսարանի յարկին տակ, հիւրընկալութեամբ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ համագումարի բացման նիստին, կատարեց բացման աղօթքը եւ ուղղեց իր պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ.
buy viagra sublingual online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/viagra-sublingual.html no prescription

Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան:

Խնամակալ Մարմինին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Լիզա Կապուտեան: Գլխաւոր բանախօսն էր հիւրընկալ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան, որուն նիւթն էր «Հայերէնի Վերաշխուժացման Հրամայականն ու Միջոցները»։

Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Ծառայութեան Տարի» հռչակող պատգամին բովանդակութեան վրայ, շեշտելով՝ «ծառայութիւնը մեր նմանին նկատմամբ մեր ունեցած սիրոյն, յարգանքին ու նուիրումին շօշափելի արտայայտութիւնն է» եւ «ծառայելը բարոյական պարտաւորութիւն է, հրամայական անհրաժեշտութիւն է, անսակարկելի պարտք է» խօսքերը։

Ան ապա վեր առաւ ուսուցիչի բանալի դերակատարութիւնը, ընդգծելով, որ »ուսուցչութիւնը ազնիւ ասպարէզ մըն է. ինչպէս գիտէք, ուսուցիչը դէմ յանդիման կը գտնուի ազնիւ մարտահրաւէրներու, սակայն անոր առաքելութեան արդիւնաւորումը լաւագոյն պարգեւը կ’ընծայէ անոր«: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ուսուցիչը աշակերտին վրայ ունի բազմերես ներգործութիւն. ան կը դաստիարակէ միտքը, կը կազմաւորէ հոգին ու սիրտը, կը կերտէ նկարագիր, թանկարժէք նպաստ եւ քաջալերանք կը տրամադրէ մանուկին ու պատանիին, կ’ըլլայ անոր առաջնորդը, խորհրդատուն եւ ընկերը:

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ սորվիլը անվերջանալի ընթացք է. ճշմարիտ դաստիարակը այն է, որ սորվեցնելու կողքին, պարտի միշտ վերաթարմացնել ու աւելցնել իր գիտելիքներու պաշարը, հետեւաբար, գնահատանքով խօսեցաւ Խնամակալ Մարմինի այս նախաձեռնութեան մասին եւ յորդորեց հետեւողական ըլլալ այս աշխատանքին մէջ, որպէսզի մեր ուսուցիչները առիթ ունենան բարելաւելու իրենց արժանիքներն ու շնորհքները, ամբարեն նոր գիտելիք եւ փորձառութիւններ: Ան նաեւ գնահատեց համագումարին մասնակցող ուսուցիչներն ու դասախօսները, որոնք շաբաթավերջի արձակուրդի օրը կը նուիրաբերեն այս աշխատանքին մասնակցելու համար, գործնապէս ապացուցելով իրենց կոչումին գիտակցութիւնն ու նուիրումը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022