Առաջնորդ Սրբազանը Ցաւակցութիւն Յայտնեց Զագգա Պատրիարգին Վախճանման Առիթով


Խոր ցաւով իմացանք Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ 122րդ Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Զաքքա Ա.-ի վախճանումը, որ Ի Տէր հանգչեցաւ Ուրբաթ, 21 Մարտ, 2014-ին, Գերմանիոյ մէջ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հեռաձայնային կապի մէջ եղաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եուճին Արք. Քափլանի հետ, ցաւակցութիւն յայտնելու իրենց կորուստին համար։

Առ ի յարգանք երանաշնորհ պատրիարքի յիշակատին, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջ-կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտական տարեկան հաւաքը, որ տեղի պիտի ունենար Շաբաթ, 29 Մարտին, առայժմ յետաձգուած է։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022