Առաջնորդ Սրբազանը Դասախօսեց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Սրբադասութեան Մասին


Կիրակի, 22 Փետրուար 2015ը Մեծ պահքի երկրորդ՝ Արտաքսման Կիրակին էր. անիկա եղաւ յիշարժան օր մը, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար:

Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. եւ Անմահ Պատարագին, աւուր պատշաճի քարոզեց եւ նախագահեց Հայ Օգնութեան Միութեան ննջեցեալ ծառայողներուն ու բարերարներուն հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին: Ս. Պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու յարակից մարմիններու անդամները, հիւրեր եւ ծխական համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:

Ս. Պատարագի աւարտին, նախքան հոգեհանգստեան արարողութիւնը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, յանուն Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան եւ համայն ծխական համայնքի հաւատացեալներուն, ջերմօրէն ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնաբեր այցելութիւնը, ցանկալով քաջառողջութիւն, արեւշատ տարիներ եւ անսպառ եռանդ, շարունակելու իր հովուական սրբազան առաքելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ: Ապա՝ հրաւիրեց տալու իր հոգեւոր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Մեծ Պահքի Կիրակիներուն, անոնցմէ իւրաքանչիւրին իմաստին եւ հոգեւոր պատգամին: Ապա կանգ առաւ Արտաքսման Կիրակիին վրայ, մէջբերելով օրուան օրհնութեան շարականին իմաստալից տողերը, որոնք լաւագռյնս կը բնութագրեն օրուան խորհուրդը: “Ով Տէր Աստուած, պահքի սրբութեան օրէնքը նախ դրախտին մէջ հաստատեցիր: Բայց նախաստեղծ մարդիկ անտեսեցին եւ օրէնքդ չպահեցին: Մեղանչեցին անոնք աստուածութեանդ դէմ, ճաշակելով մեղքի եւ մահուան դառնութիւնը”: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ եթէ անցեալ Կիրակին վերյիշումն էր մեր նախահօր եւ նախամօր դրախտային ուրախ եւ երջանիկ կեանքին, ապա, Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին յիշատակն է անհնազանդութեան հետեւանքով դրախտի երանաւէտ կեանքէն անոնց արտաքսուելուն, մարդոց ցաւատանջ դառն կեանքին եւ մահուան դատապարտուելուն: Սակայն ամենաբարին Աստուած մարդկութիւնը չձգեց մեղքի ու մահուան ճիրաններուն մէջ, այլ միշտ բաց թողուց վերադարձի ուղին ու ներման հնարաւորութիւնը՝ ապաշխարութեան եւ անկեղծ զղջումի ճամբով:

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը ՀՕՄ-ի ննջեցեալ ծառայողներուն ու բարերարներուն յիշատակին, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, խնդրելով որ մեր ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան դաշտերուն մէջ գործած եւ ննջած նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներուն հոգիները արժանացնէ յաւիտենական հանգիստի: Նշելով, որ այս մեծ միութիւնը իբրեւ օրհնութիւն ծնած է ու ներկայութիւն դարձած մեր հաւաքական կեանքին մէջ, ամբողջ 105 տարիներ սպեղանի հասցնելով վիրաւորին, նկանակ դնելով սովահարի սեղանին եւ ամոքելով այրիին ու որբին ցաւը:

Ս. Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ապա, ներկաները մասնակից դարձան եկեղեցւոյս Տիկնանց Մարմինին սիրոյ սեղանին, ու շտապեցին իրենց տեղերը գրաւելու “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, ունկնդրելու համար Առաջնորդ Սրբազան Հօր դասախօսութիւնը:

Օրուան հանդիսավար՝ հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեան, բարի գալուստ մաղթելով բոլորին, բեմ հրաւիրեց ջութակահար Օֆելիա Նանագուլեանն ու դաշնակահարուհի Շուշան Յակոբեանը: Անմահն Կոմիտասի “Ծիրանի Ծառ”ին ու “Կռունկ”ին սքանչելի մեկնաբանումը արուեստագիտուհիներու կողմէ, հանդիսացաւ յաւուր պատշաճի գեղարուեստական գեղեցիկ նախերգանք մը օրուան դասախօսութեան: Ապա հանդիսավարը, ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման հարցի մասին հաւաստի տեղեկութիւններ ստանալու համար, ներկաներու ծափողջոյններու ներքոյ, բեմ հրաւիրեց Սրբադասման Յանձնախումբի անդամ, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ գնահատական խօսք ուղղեց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ դաստիարակչական յանձնախումբին, իրենց կազմակերպած օգտաշատ դասախօսական ձեռնարկներուն համար, որոնք հանդիսականներուն մօտ միշտ ալ գտած են դրական արձագանգ: Ապա շարունակեց ըսելով որ դժուար է պատկերացնել ապրող ու գործող եկեղեցի մը առանց վկաներու եւ սուրբերու: Սրբազան Հայրը կարճ բացատրական ընթերցումով մը ցոյց տուաւ որ սրբադասման հարցը ազգային եւ եկեղեցական տեսանկիւններէն դիտուած, դարձած էր հրամայական մը: Ապրիլեան նահատակներու սրբադասման անհրաժեշտութիւնը հասունացած էր: 25 տարիներ առաջ, երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց եւ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետներուն միացեալ հաղորդագրութեամբ սկսած էր սրբադասման գործընթացը: Ապրիլեան Նահատակներու շարականը այն ժամանակ գրուած եւ պատրաստուած էր Հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւուրեանի կողմէ: Ապա Սրբազան Հայրը ընթերցեց այդ շարականի ոգեշունչ համարները՝ նուիրուած վասն քրիստոնէական հաւատքի, հայկական ինքնութեան պահպանութեան եւ մեր հոգեւոր եւ մշակութային անմահ գանձերու պահպանութեան համար իրենց արիւնը թափած մեր անմեղ նահատակներուն:

Սրբադասման Յանձնախումբը, երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, որդեգրեց մեր նահատակները հաւաքական սրբադասութեան արժանացնելու որոշումը, այնպէս՝ ինչպէս անցեալին կատարուած է Վարդանանց զօրավարաց եւ 1036 վկաներու հաւաքական սրբադասումը: Յանձնախումբը նաեւ մշակեց այս մասին հռչակագիրը, վկայաբանութիւնն ու արարողակարգը, որոնք ներկայացուեցան Եպիսկոպոսաց Ժողովին եւ որդեգրուեցան անոր կողմէ: Որդեգրուեցաւ նաեւ երանաշնորհ Զարեհ Սրբազանին կողմէ մշակուած շարականը: Այս որոշումներուն հիմամբ է որ յառաջիկայ Ապրիլ 23ին պիտի կատարուի Նահատակներուն հաւաքական սրբադասումը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ մեր եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասման համար անհրաժեշտ նկատուող հիմնական պայմաններուն: Այսպէս, սուրբերու կարգին դասուելու համար, նկատի կ’առնուի անձին սրբակեցութիւնը, քրիստոնէական առաքինութեանց մարմնաւորումը իր անձին վրայ եւ Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ, անձին հաւատքի խոստովանութիւնն ու նահատակութիւնը, անոր կենդանութեան ընթացքին հրաշքներու առկայութիւնը, յետ նահատակութեան նշխարներու անապակութիւնը, մասունքներու անուշաբուրումը եւ համապատասխան հրաշագործութիւն, եւ ի պատասխան իրեն ուղղուած հաւատացեալներու աղօթքներուն՝ Աստուծոյ զօրութեան նշաններու արտայայտութիւնը, տակաւին՝ քրիստոնէական հաւատքի տարածման, եկեղեցւոյ պաշտպանութեան, ուղղափառ դաւանանքի պաշտպանութեան եւ Աստուծոյ խօսքի քարոզչութեան համար անձին կողմէ ցուցաբերուած վկայութիւնն ու նպաստը։

Խօսելով պատմական վկայութիւններու մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց որ անձեր ժողովուրդի կողմէ սուրբ նկատուած են, իրենց կենդանութեան ընթացքին կատարած հրաշագործութիւններու համար։ Կարգ մը սուրբերու նշխարները գտնուած են յետագայ սերունդներու կողմէ, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ։ Վերջապէս, կարգ մը նահատակներ կաթողիկոսներու կողմէ սուրբ հռչակուած են կամ անոնց յիշատակին իբրեւ տօնական օրեր սահմանուած են։

Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ մենք երբեք չենք պաշտեր սուրբերը, այլ խորին յարգանքով եւ սիրով կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան: Սուրբերուն համար հոգեհանգիստ չի կատարուիր, այլ՝ Սուրբ Պատարագի պահուն յիշատակում: Յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր սրբադասման աշխատանքները եպիսկոպոսաց ժողովի թելադրութեամբ:

Դասախօսութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը սպառիչ կերպով պատասխանեց ունկնդիրները յուզող բոլոր հարցերուն: Ձեռնարկը վերջ գտաւ “Պահպանիչ” աղօթքով:

Ներկաները հրաժեշտ տուին, ստանալէ ետք Սրբազան Հօր օրհնութիւնները, իրենց հետ տանելով օրուան գեղեցիկ յուշերը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ