ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ ԱՂՈՒԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 14 Յուլիսի յետմիջօրէին ընդունեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Տիար Աղուան Վարդանեանի այցելութիւնը։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ »Եղիա Սարաֆեան« դահլիճին մէջ։ Հայրենի հիւրին կþընկերանար Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Տոքթ. Վիգէն Եագուպեան։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, հանդիպումին ներկայ եղան Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տոքթ. Տիգրան Պապիկեան։ Տիար Աղուան Վարդանեան անցեալին այցելութիւն տուած է Ազգային Առաջնորդարան եւ անձամբ ծանօթ է Առաջնորդ Սրբազանին։

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի այժմու իրադարձութիւններն ու ընկերային հասարակական կեանքը, որոնց մասին հիւր պատգամաւորը տուաւ որոշ լուսաբանութիւններ։ Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր Թեմի աշխատանքներուն, ծառայական կեանքին ու ծրագիրներուն մասին, վերահաստատելով մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնը՝ մայր հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն՝ Կարօ Պետրոսեանի »Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ« հատորէն եւ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան նուիրուած »Հոգեւոր Պրիսմակ«ի բացառիկ թիւէն օրինակներ յանձնեց Տիար Ա. Վարդանեանին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022