Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Լոս Անճելըս նոր ժամանած Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր, 2014-ի առաւօտեան այցելեցին Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանը։
6րդէն 12 դասարաններու աշակերտներն ու դաստիարակները հաւաքուած էին Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, որուն մուտքին տեղի ունեցաւ դիմաւորումը: Երկու Առաջնորդները Եկեղեցւոյ մուտքին կատարեցին հացի ու աղի օրհնութիւն: Մուտքին, առ ի յարգանք, սուրիահայ աշակերտներ թափօր կազմած էին։ Առաջնորդներուն կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։
Հաւաքական Տէրունական Աղօթքի արտասանութենէն ետք, հոգեւորականաց դասը աշակերտութեան ներկայացուց փունջ մը շարականներ, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականն էր “Որք Զարդարեցին” Թարգմանչաց տօնի նուիրուած շարականը։ Երգեցողութեան աւարտին, տարբեր կարգերու աշակերտներ ներկայացուցին խմբային եւ միայնակ երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։ Խօսք առաւ վարժարանի դաստիարակներէն Տիկ. Թամար Սերայտարեան, որ ողջունելէ ետք հիւր հոգեւորականները, յուզիչ կերպով իր աշակերտական յուշերը վեր բերելով, Թարգմանչաց խորհուրդով լի յայտնեց, որ աշակերտները իրենց հոգեկան կապով կը միանան Սուրիահայ մեր աշակերտներուն եւ պատրաստակամ են միշտ մասնակից ըլլալու Սուրիոյ հայութեան սրտակցութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը յղեց եւ յայտնեց, թէ Թարգմանչաց սերունդը Հայ ազգի ինքնութիւնն ու արժանիքները ամրապնդեցին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աթոռը աւելի հաստատուն դարձուցին հայ սեփական գիրերու գիւտով եւ Ս. Գիրքի թարգմանութեամբ։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ կրկին անգամ շնորհաւորեց աշակերտները՝ ուսումնական նոր տարեշրջանին առթիւ եւ զանոնք խրախուսեց ըլլալու Հայ լեզուի ջահակիրներ։
Ապա, Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը բեմ հրաւիրուելով, նախ խօսեցաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին մասին, շեշտելով, որ իւրաքանչիւրիս տրուած այս աւանդը սրբութիւն մըն է, զոր պէտք է պահպանենք ու գործածենք, որպէսզի չըլլայ թէ անիկա չորանայ ու մոռցուի։ Ապա սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ հայ աշակերտներուն մասին խօսելով, Սրբազանը պարզեց, թէ ինչպիսի դժուարին ու նեղ պայմաններու մէջ աշակերտներ տակաւին կը շարունակեն իրենց երթը եւ թէ՝ այդ աշակերտներն ու աշակերտուհիները կարիքը ունին բոլորիս աղօթքներուն։
Հոգեւոր հայրերը, Ս. Խորանին առջեւ ծունկի գալով, երգեցին սրտառուչ “Տէր Ողորմեա” աղօթքը, որմէ ետք աշակերտներուն կողմէ փոխանցուեցան նուէրներ եւ փոխադարձաբար ստացան յուշանուէրներ: Պաշտօնական հանդիպումը աւարտին հասաւ աշակերտներուն “Ով Մեծասքանչ” երգի կատարողութեամբ, “Կիլիկիա” մաղթերգով ու պահպանիչով:
Ապա, Առաջնորդ Սրբազաններն ու ընկերակից հոգեւոր հայրերը ուղղուեցան մանկամսուր. մանուկները “Աստուած Օգնական Սրբազան Հայրեր” բառերով ողջունեցին յարգելի հիւրերը, որոնք մտերմիկ պահ մը բոլորեցին աշակերտներուն հետ: Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանցում եւ մանկական երգերու եւ արտասանութիւններու ներկայացում։
Սրբազան հայրերը ապա այցելեցին չորրորդ ու հինգերորդ դասարանները, ուր աշակերտները ողջունեցին զոյգ Առաջնորդները եւ բանաստեղծութիւններով ճոխացուցին հանդիպումը։ Աշակերտները Սրբազաններուն նուիրեցին իրենց ձեռագործ աշխատանքներէն։
Դպրոցի շրջափակին մէջ, աշակերտներ օրուան ընթացքին կ’երգէին հայրենասիրական երգեր, մշակոյթի ամսուան մթնոլորտ արտայայտող եւ ի նշան Սուրիահայ աշակերտներու սրտակցութեան։ Այցելութիւնը անմոռանալի յիշատակներ արձանագրեց բոլորի հոգիներուն մէջ: