Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան եւ հանդիպեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկիեան։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Լիբանանի Թեմերու առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ Լիբանանի Թեմի Ազգ. վարժարաններուն զօրակցութիւն բերելու համար։ Այս նպատակով, այսօր, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահէն ներս մտերմիկ ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ, որուն ընթացքին հանգանականութիւն պիտի կատարուի՝ ի նպաստ Լիբանանի Թեմի Ազգ. վարժարաններուն։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022