Մեր Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդը Կիրակի, 31 Յուլիս 20016ին, աղօթքով ու յարգանքով խոնարհեցաւ 33 տարի առաջ իրենց կեանքերը մեր Դատի զոհասեղանին նուիրաբերած հինգ նահատակներուն՝ Լիզպոնի հերոսներուն յիշատակին: Արդարեւ, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տնօրինումով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիզպոնի Հինգին յիշատակին ինչպէս նաեւ նորոգ հանգուցեալ Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի հոգիին համար:
Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, Կիրակի, 31 Յուլիսը եղաւ հոգեպարար օր մը: Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազանը, որ օր մը առաջ վերադարձած էր Անթիլիաս ուղեւորութենէն, հանդիսապետեց Ս. Պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեանց, իսկ յընթացս Ս. Պատարագի, կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի 14 անդամներու դպրութեան չորս աստիճաններու տուչութիւնը: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ս. Պատարագը մատուցանեց Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ.
buy lipitor online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/lipitor.html no prescription
Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան: Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը «Ուրախ Լեր» քաղցրահնչիւն շարականին երգեցողութեամբ բարձրացաւ Ս. խորան, կատարելու դպիրներու ձեռնադրութիւնը: Հոգեւոր հովիւները Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուցին 14 պատանիները, որոնք ստացան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ առաջին չորս աստիճանները՝ ընթերցողի, դռնապանի, ջահընկալի եւ երդմնեցուցչի։
Ընծայեալներն էին Սարգիս Օվայեան, Ալեքս Սանտալճեան, Մայքլ Սիմոնեան, Յակոբ Նալճեան, Յովհաննէս Մաճարեան, Մեսիա Մովսէսեան, Յովհաննէս Յովասափեան, Շանթ Սանտալճեան, Կարօ Նալճեան, Սարօ Սանտալճեան, Գէորգ Մաճարեան, Խաչատուր Չէրքէզեան, Խաչիկ Յովասափեան եւ Արշէն Չարմահալի, որոնք տարիներէ ի վեր անձանձիր եւ պարտաճանաչ ներկայութիւն եղած են եկեղեցւոյ սպասարկութեան անդաստանէն ներս։
Դպրաց ձեռնադրութեան յաջորդեց քարոզը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ, որ օր ըստ օրէ կը բազմապատկուի Իր Ս. Սեղանին սպասարկուներուն թիւը։ Իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալ դպիրներուն՝ նախ շնորհաւորեց զանոնք, խնդրեց Ս. Հոգիի ներգործութիւնը անոնց վրայ, որպէսզի ըլլան հաւատարիմ ծառաներ Աստուծոյ Ս. Սեղանին, եւ ապա մաղթեց որ անոնք արժանանան աւելի բարձր աստիճաներու, յիշելով Աւետարանի այն խօսքը, ըստ որուն, ով որ հաւատարիմ ըլլայ փոքր գործերու մէջ, անոր պիտի շնորհուին աւելի պատասխանատու գործեր։
Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ յիշեց նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանը, որ երկու օր առաջ վերջին օծման կարգը ստացած էր նոյն խորանին վրայ: «Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանը եղաւ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան եւ մշակ առանց ամօթոյ, ուղղամիտ եւ արդարամիտ սպասաւոր, որ համակ կեանք մը նուիրաբերեց հայ ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան ի խնդիր», յիշեցուց Առաջնորդ Սրբազանը, ապա անդրադառնալով Հայ Դատի պայքարի ատրուշանին պատարագուած Լիզպոնի Հինգ տղոց նահատակութեան 33-րդ տարելիցին, նշեց, որ Լիզպոնի Հինգը սոսկ նահատակներ չէին, այլ ինքնամատոյց հերոսներ, որոնք իրենց կեանքերը զոհաբերեցին ամենաթանկին՝ հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին համար։ Անոնք եղան մեր պատմութեան նորագոյն ժամանակներու գերագոյն զոհաբերութեան խորհրդանիշները։
Ծառայութեան, զոհաբերութեան եւ հաւատարմութեան վերոյիշեալ տիպարներէն մեկնած, Առաջնորդ Սրբազանը մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը՝ Տիմոթէոսի ուղղուած երկրորդ նամակին Բ. գլխու 15-րդ համարը, ուր Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ իր աշակերտը.- «Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը», նոյն մօտեցումով ալ, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները յորդորեց ծառայութեան, զոհաբերութեան եւ հաւատարմութեան արժանիքներով տոգորուիլ, ըլլալ Աստուծոյ աչքին ընտիր մշակներ եւ արժանաւոր զաւակներ ի փառս Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի պայծառացումն հայ ժողովուրդին։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը: