ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ BOARD OF SUPERVISORSԻ ՆԻՍՏԻՆ

Լոս Անճելըսի Board of Supervisors-ը, ի շարս պաշտօնական այլ նշումներու, ամէն տարի, Ապրիլին, իր շաբաթական նիստերէն մէկը կը յատկացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման։

Այս տարի, եւ նախաձեռնութեամբ իր անդամներէն Մայքըլ Անթոնովիչի, յիշատակի այս պահը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Ապրիլի առաւօտուն։ Ընդառաջելով Անթոնովիչի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ խորհուրդի նիստին, որ որդեգրեց յատուկ բանաձեւ մը, Ապրիլ 24ը յայտարարելով »1915էն 1923 տարիներուն տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր«։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Արժ. Տ. Վիգէն Ա. Քհնյ. Վասիլեան, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էին նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Խօսք առնելով, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մայքըլ Անթոնովիչի ու ժողովականներուն, որոնք այս տարի եւս, Ցեղասպանութեան 97րդ տարեդարձին, կþոգեկոչեն մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը։ »Մենք կը գօտեպնդուինք եւ կþամրանանք մեր ինքնավստահութեան մէջ, անդրադառնալով, որ մեր արդար իրաւունքներուն հետապնդման ճամբուն ունինք Ձեզի նման բարեկամներ«, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւս կը յայտարարեն Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակիցներուն։

Խօսք առին նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022