Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Յունուար 27էն 29, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբադասման Յանձնախումբի հանդիպումը: Ժողովի նախօրեակին յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը եւ գնահատանքը՝ յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն համար:
Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով. հոգւոց արտասանուեցաւ ցեղասպանութեան նահատակներու հոգեներու խաղաղութեան համար: Ժողովին կը մասնակցէին Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (համա-ատենապետ), Արշակ Եպս. Խաչատրեան (համա-ատենապետ), Վարուժան Արք. Հերեկելեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Բագրատ Եպս. Գալստեան, Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Բաբգէն Եպս. Չարեան, Վահան Եպս. Յովհաննիսեան, Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան եւ Վահրիճ Աբղ. Ղարախանեան:
Որոշումներ կայացուեցան սրբադասման պայմաններու, կարգի, ցեղասպանութեան նահատակներու նուիրուած շարականի կանոններու, ծիսական յիշատակութեան կարգի եւ թուականի, անոնց մասունքներու եւ սրբապատկերներու պատրաստութեան մասին: Ժողովը յստակեցուց նաեւ կատարուելիք աշխատանքներուն ժամանակացոյցը՝ 2015 թուականին սրբադասման գործընթացը իր աւարտին հասցնելու համար: Սրբադասման յանձնախումբին յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 25էն 30 Մայիս, 2014-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ:
Յունուար 29-30ին, նմանապէս օրհնութեամբ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն, տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծիսական Յանձնախումբի հանդիպումը, որուն կը մասնակցէին Կոմիտաս Արք. Օհանեան (համա-ատենապետ), Արշակ Եպս. Խաչատրեան (համա-ատենապետ), Վարուժան Արք. Հերեկելեան, Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գեղամ Արք. Խաչերեան, Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Վահան Եպս. Յովհաննէսեան եւ Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան:
Յանձնախումբը, հիմք ընդունելով 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական ժողովի որոշումները, քննարկեց եւ վերջնականացուց Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութեան բնագիրը եւ կանոնական ուղեգիծը: Քննութեան առարկայ դարձաւ նաեւ ծիսական լեզուի խնդիրը: Ս. Մկրտութեան նախապատրաստութեան ուսուցման ձեռնարկի առնչութեամբ յանձնախումբը որոշեց շարունակել անոր ամբողջացման աշխատանքները՝ վերջնական ժամկէտ որոշելով Մայիս ամիսը:
Ծիսական յանձնախումբի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 19էն 23 Մայիսին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ: