Առաջնորդ Սրբազան Անթիլիասի Մէջ Կը Մասնակցի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Նիստերուն

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2019-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ նիստին։

Բացման իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցին վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ դնելու հրամայականը, որպէսզի անոր առաքելութիւնը ու ծառայութիւնը դառնան աւելի կազմակերպ ու նպատակասլաց:

Ժողովը լայնօրէն քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հետեւեալ նիւթերը.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ գործակցութիւն, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններ, Դպրեվանք, քահանայից պատրաստութիւն, ամառնային երիտասարդական սեմինար, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթ, ընկերաբարոյագիտական հարցեր, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն ու հրատարակութիւն, տեղեկատուական ու հրատարակչական աշխատանքներ, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու վերամշակում եւ ծիսական հարցեր:

Յիշեալ հարցերուն գծով տրուեցան համապատասխան զեկոյցներ, կատարուեցան քննարկումներ, ճշդուեցան ուղեցոյցներ ու առնուեցան համապատասխան որոշումներ:

Իր փակման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքներուն ու ապա յատուկ կերպով շեշտեց Թեմերու ճամբով Կրօնական Ժողովի աշխատանքները մեր ժողովուրդին տանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի նիստը գումարուեցաւ Չորեքշաբթի, 8 Մայիսին, նախագահութեամբ Նորին Սրբութեան։ Մեր Թեմէն Տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէյթլեան մասնակցեցան նիստին։

Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր Կաթողիկոսարանի վարչական, տնտեսական ու յարաբերական բնագաւառներու առնչուած ծրագիրներ։ Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերու վերակազմակերպումի հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ։ Քննարկումներու ծիրին մէջ կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան եւ այդ շրջագիծէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերակատարութեան։ Թեմերը ներկայացնող Քաղաքական Ժողովի անդամներ հակիրճ զեկոյցներ տուին Թեմերուն առնչուած կարգ մը իրագործումներու ու հարցերու շուրջ։ Ժողովը գնահատեց կատարուած աշխատանքը, ողջունեց պատրաստուած նոր ծրագիրները ու յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքներուն։

Վեհափառ Հայրապետը Ժողովին իր բացման ու եզրափակիչ խօսքերուն մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց թէ Կաթողիկոսարանը, իր Կեդրոնական Վարչութեամբ եւ յարակից մարմիններով, կը ծրագրէ ու կը գործէ մեր ժողովուրդին համար. Կաթողիկոսարանը սոսկ վարչական կեդրոն մը չէ, այլ քրիստոնէական առաքելութիւն ու ժողովրդանուէր ծառայութիւն, իսկ Կաթողիկոսարան ու Թեմ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ այս մօտեցումով պէտք է գործեն, Թեմերը գործնապէս մասնակից դառնալով Կաթողիկոսարանի ծրագիրներու իրագործման եւ առաքելութեան։

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու միացեալ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Մայիսին, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գործադիր Վարչութիւնը ներկայացնող Մարմինը (16 Կրօնական Ժողով, 16 Քաղաքական Ժողով) լայնօրէն քննարկեց Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց հետ յարաբերութեանց, Ս. Էջմիածնի հետ գործակցութեան հետ կապ ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ։ Ժողովը նաեւ իր օրակարգին վրայ ունէր Թեմերու վերակազմակերպումի գործընթացքը եւ այս ծիրէն ներս կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքները։ Յատուկ զեկոյցներ տրուեցան Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին, Արցախի մէջ Կաթողիկոսարանին կողմէ հաստատուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն եւ Յուլիս ամսուան ընթացքին Կաթողիկոսարանէն ներս տեղի ունենալիք մամլոյ համահայկական համագումարին մասին։

Յիշեալ քննարկումներուն եզրակացութիւնը կատարելով, Նորին Սրբութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է ամրապնդել Հայրապետական երկու Աթոռներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ նոր մղում տալ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման նպաստող աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի եւ Թեմերու վերակազմակերպումը։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թեմերու առաջնորդներուն ու Ազգ. Իշխանութեանց կողմէ կատարուող եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութեան համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ