Առաջնորդ Սրբազան Մասնակից Եղաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Ս. Պատարագին եւ Պաշտօնական Ընդունելութեան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթավերջին ներկայ եղաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով ծրագրուած արարողութեանց ու ընդունելութեանց։

Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2017-ին, Առաջնորդ Սրբազանը մասնակից եղաւ Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ հայրապետական Ս. Պատարագին, Հայրապետական Մաղթանքին եւ մատաղօրհնէքին։

Նոյն օրը, երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի եւ Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի, ներկայ եղաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022