Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակից Եղաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նիւ Ինկլընտ Շրջանի Հովուապետական Այցելութեան


Ուաշինկթըն իր պատմական այցելութենէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 10 Մայիս 2015ին սկսաւ Արեւելեան Թեմին հովուապետական իր այցելութեան, որ կը տեւէ մինչեւ 4 Յունիս: Թեմիս բարեխնամ Առաջանորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 27 Մայիսին Պոսթըն մեկնեցաւ, միանալու համար Վեհափառ Հայրապետին շքախումբին, հովուապետական այցելութեան առիթով: Յիշեցնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Մայիսի սկիզբը միացած էր Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին՝ հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանին, Մէրիլէնտի Պետեսթա քաղաքի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեանց:

Հինգշաբթի, 28 Մայիսին, Պոսթընի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան նուիրուած հանդիսութիւն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Ներկայ էին Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդներ՝ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող եւ Թեմէն ներս ծառայող միաբան հայրեր, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւոր հովիւները, Հայաստանի մէջ Ամերիկային նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ եւ աւելի քան հինգ հարիւր պոսթընաբնակ հայորդիներ:

Ձեռնարկը բացուեցաւ Հանրապետական մաղթանքով եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութեամբ: Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսը՝ Դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան, որ անդրադարձաւ Մայիս 28-ի յաղթանակը կերտողներուն եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ղեկավարութեան բարոյական բարձր արժէքներուն:

Օշական Սրբազանը իր կարգին խօսեցաւ Մայիս 28-ի տեսլականին մասին, ապա, հրաւիրեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը փոխանցելու օրուան պատգամը:

Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Մայիս 28-ի ոգիին կարեւորութեան մասին եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը թէեւ ունեցաւ կարճ կեանք, սակայն անոր ստեղծած աւանդները մնայուն արժէքի վերածուեցան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ հունաւորեցին մեր պահանջատիրութիւնը, հիմնաքար եղան Հայաստանի վերանկախացման:

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն, ան շեշտեց մեր կորուստներուն վերատիրացման եւ իրաւատիրութեան յանձնառութեան հաւատարմութեան կարեւորութիւնը, ի խնդիր ամբողջական Հայաստանի համալրումին:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆ ՃՈՆ ԷՎԸՆԶԸ Ընդառաջելով Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի խնդրանքին, Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ ձեռնարկի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան “Ասպետ”ի շքանշանով պարգեւատրեց Ա. Մ. Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզը, որ 10 տարի առաջ, անսալով մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան արժէքներու իր ներքին ձայնին, յայտարարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, քայլ մը՝ որուն պատճառով անոր դիւանագիտական գործունէութիւնը վերջ գտած էր:

Շրջանի ընդհանուր ոստիկանապետ Շերիֆ Փիթըր Քիւթիւճեան, ներկայացնելով դեսպան Էվընսը, զայն որակեց իբր նոր օրերու Հէնրի Մորկընթաուը, որ իր ձայնը քաջաբար բարձրացուցած էր յանուն արդարութեան: Դեսպանը, պարգեւատրուելէ ետք, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ու հայ ժողովուրդին, իրեն ընձեռած այս պատիւին համար:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ուրբաթ, 29 Մայիսի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Նիւ Ինկլընտ շրջանի եկեղեցիներուն, պաշտօնական ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկայ էին նաեւ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդները, հոգեւոր հայրեր եւ շուրջ 350 հայորդիներ:

Յայտագիրի սկզբնաւորութեան, Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան Թեմի “Հայաստանի Հոգի” պատուագիրը յանձնեց Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Տըվալ Փաթրիքին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերած իր բարեկամութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր տարած աշխատանքներուն առ ի գնահատանք: Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը “Ս. Մեսրոպ Մաշտոց” շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Միսաք Պարսումեանը, գնահատելով հայ լեզուին ու դպրոցին եւ հայ մշակոյթին երկար տարիներու իր վաստակը:

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ ազգային պատկանելիութեան կարեւորութեան, քրիստոնէական մեր արմատներուն, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան՝ հայ ինքնութեան պահպանման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման առաքելութեան: Ան յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առաւ մայր հայրենիքին ու հայութեան կեանքին մէջ Կաթողիկոսութեան նուիրեալ ծառայութիւններուն:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ Շաբաթ, 30 Մայիսի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Պոսթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նիւ Ինկլընտ շրջանի երիտասարդութեան հետ: Ներկայ էին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդները եւ միաբան հայրեր:

Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան ներկայացուց սրբութեան ըմբռնումը Աստուածաշունչին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման պատմութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման աշխատանքներու գործընթացը:

Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ այսօրուան երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութեանց եւ անոնց դերակատարութեան անհրաժեշտութեան մասին: Ապա, կեդրոնացաւ հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած հարցերուն ու անկէ ակնկալութիններուն եւ շեշտը դրաւ չորս գաղափարներու վրայ. հաւատարմութիւն, մասնակցութիւն, տեսիլք ու վերանորոգում: Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան. Վեհափառ Հայրապետը ունկնդրեց երիտասարդներուն արտայայտութիւնները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:

“ՀՐԱՇԱՓԱՌ”Ի ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Շաբաթ, 30 Մայիսին, Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերացող շքախումբին հետ այցելեց Փրովիտընսի (Ռոտ Այլընտ) գերեզմանատան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն յիշատակին կառուցուած յուշարձանը, ուր կատարուեցաւ կարճ արարողութիւն:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ քաղաքի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւներուն, եւ շրջանէն ներս ծառայող քահանայ հայրերուն, օտար եկեղեցականներուն, հոգաբարձութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը կատարելէ ետք հացի եւ աղի աւանդական օրհնութիւնը, “Հրաշափառ”ի երգեցողութեամբ թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցի ու դասին մէջ կատարեց “Կանոնական” աղօթք:

Նորին Սրբութիւնը նախ գնահատեց գաղութին ծառայողները, ապա, մեկնելով նահանգի դրօշին վրայ “Յոյս” բառին ներկայութիւնը, խորհրդածութեան նիւթը դարձուց յոյսին քրիստոնէական ըմբռնումը եւ կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու մեր ժողովուրդին համար:

Պատգամի աւարտին ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն եւ ապա, Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ մարմիններուն կողմէ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ Կիրակի, 31 Մայիսին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ հայրապետական պատգամը փոխանցեց Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: Առընթերականերն էին Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Ներկայ էին հազարէն աւելի հայորդիներ:

Վեհափառ Հայրապետը իբր բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանի “Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք զիրար. ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, դո՛ւք ալ սիրեցէք զիրար”” (Յհ 13:34) համարը: Նորին Սրբութիւնը վերլուծելով սիրոյ քրիստոնէական հասկացողութիւնը, ըսաւ. “Սէրը քրիստոնէական կեանքին առանցքն է: Առանց սիրոյ կարելի չէ քրիստոնէական կրօնը հասկնալ իր ճշմարիտ իսկութեամբ: Աստուած սիրոյ անսպառ աղբիւր է՝ ստեղծագործութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ արդիւնք է Աստուծոյ սիրոյն”:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ մեր եկեղեցւոյ քրիստոնէական սիրոյ հասկացողութեան եւ նկատել տուաւ, որ մեր պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցին քրիստոնէական սիրոյ առաքեալը եղաւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Մեր հայրապետները, սուրբերն ու վարդապետները ապրեցան սիրոյ կեանքը եւ յիշեցուցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն թէ առանց սիրոյ դատարկ, անիմաստ, անգոյն, անդիմագիծ եւ աննպատակ է մեր կեանքը: Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց սիրոյ հրամայականին կարեւորութիւնը մեր ներկայ պայմաններուն մէջ, նշելով, որ այսօր եւս, ա՛յս է մեր եկեղեցւոյ պատգամը մեր ժողովուրդի զաւակներուն առանց խտրութեան:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022