Առաջնորդ Սրբազան Կը Մասնակցի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հովուապետական Այցելութեան Ս. Պատարագին եւ Պաշտօնական Արարողութեանց

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը։

Ընդառաջելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին, այս շաբաթավերջին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ, մասնակցութիւն կը բերէ հայրապետական Ս. Պատարագին եւ պաշտօնական ճաշկերոյթին։

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի համալիրի բնակարանային նոր բաժինի բացման արարողութեան։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանին՝ ներկայ եղան Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ու Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան. տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրընկալութիւն, ապա, բացումը կատարուեցաւ բնակարանային նոր բաժինին. ներկաները այցելեցին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինը։

Իսկ Հինգշաբթի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը մասնակցեցաւ Նորին Սրբութեան պաշտօնական դիմաւորումի «Հրաշափառ»ի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ՝ Պըրպէնք։

Ուրբաթ առաւօտուն, Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին կից Առաջնորդարանի սրահը ժամադրավայր եղաւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ։ Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի եւ Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, ներկայ եղաւ հանդիպումին, որուն մասնակից էին Ազգային Վարժարաններէ աշակերտներ։

Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի մասնակցի հայրապետական Ս. Պատարագին ու մատաղօրհնէքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ս.
buy amoxil online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/amoxil.html no prescription

Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ, Պըրպէնք, իսկ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի մասնակցի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ի պատիւ մեծարանքի ճաշկերոյթին, «Տաղլեան» սրահին մէջ, Հոլիվուտ։ Յայտնենք, որ վերոյիշեալ արարողութեանց եւ ճաշկերոյթին, Առաջնորդ Սրբազանը իր կողքին ունի Հայր Թորգոմ ու քահանայ հայրեր։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022