Ս. Յարութեան Տօնի Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազան Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուրի Ընտանիքին Հետ

Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի աշակերտները իրենց դաստիարակներուն հետ այցելեն Ազգ. Առաջնորդարան եւ ստանան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը։ Այս տարի, մթնոլորտային անձրեւաբեր ու աննպաստ պայմաններուն պատճառով, Առաջնորդ Սրբազանը ինք այցելեց վարժարան եւ մտերմիկ պահ մը ունեցաւ աշակերտներուն, դաստիարակներուն ու վարիչուհիին հետ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։

Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2018-ի կէսօրին. մանկամսուրի մուտքին, Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ վարիչուհիին՝ Տիկին Կարին Չուքատարեանի եւ անձնակազմի կողմէ, որոնց հետ այցելեց բոլոր դասարանները եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց մանուկներուն։ Աշակերտները երգերով ու արտասանութիւններով դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանը։ Յատկապէս Կապոյտ դասարանը պատրաստած էր Հայաստանի ու Զատկուան նուիրուած երգերով ու արտասանութիւններով յայտագիր մը, որ տօնական օրերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի մթնոլորտով համակեց ուսումնարանին յարկը։

Աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցներ ունենալով, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց անոնց մատուցումները, դրուատեց դաստիարակները, ապա կեդրոնացաւ Ծաղկազարդի ու Ս. Յարութեան տօններու խորհուրդներուն վրայ, ընդգծելով, որ Յիսուս կը սիրէ մանուկները։ Առաջնորդ Սրբազանը մանուկները յորդորեց եկեղեցի յաճախելու եւ հաղորդակից ըլլալու դարերէն մեզի հասնող հոգեմտաւոր ժառանգութեանց ու աւանդներուն։ Հանդիպումը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022