Առաջնորդ Սրբազանը Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանին Յանձնեց Հայրապետական Կոնդակն ու Վարդապետական Լանջախաչը


Ս. Էջմիածնի Տաճարի հիմնադրութեան տօնին եւ Հայրերու օրուան առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 18 Յունիսին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Ս. Պատարագին, քարոզեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ շնորհած Հայրապետական Կոնդակն ու լանջախաչը հանդիսաւոր կերպով յանձնեց հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանին։

Ս. Պատարագի ընթացքին, «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Հայրապետական Կոնդակը եւ լանջախաչը յանձնեց Հայր Տաճատին։ Ան այս պատիւին առիթով շնորհաւորեց Հոգեւոր Հովիւը եւ յայտնեց, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, Հայր Սուրբին վարդապետական օծման 5-րդ տարեդարձն էր, գնահատեց մեր եկեղեցւոյ ու մասնաւորապէս Ֆրեզնոյի ծխական համայնքին մատուցած ծառայութիւնները։

Նկատի ունենալով, որ նոյն օրուան կը զուգադիպէր նաեւ Առաջնորդ Սրբազանին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 41-րդ տարեդարձը, ան յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առաւ քահանայական ծառայութեան կոչուող հոգեւորականի մը արժանիքներուն ու անկէ սպասումներուն մասին, նշելով, որ ան կոչուած է ըլլալու բարի հովիւ, ղեկավար, ուսուցիչ, խորհրդատու եւ դեռ աւելին։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով խօսեցաւ Հայր Սուրբին արժանիքներուն մասին, նշելով, որ ան հաւատարիմ է իր կոչումին, մաղթեց, որ այս պատիւը նոր մղում տայ իր ծառայական կեանքին եւ հաւատացեալները հրաւիրեց անոր հետ գործակցաբար յառաջ տանելու ծխական համայնքի աշխատանքները։

Կիրակին նաեւ Հայրերու Տօնն էր. Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց բոլոր հայրերուն, վեր առնելով ընտանիքի հոգատարը ըլլալու, դաստիարակի եւ տիպար օրինակ ըլլալու անոնց առաքինութիւնները։ Ան հայրերը յորդորեց լիարժէքօրէն անդրադառնալու իրենց արժանիքներուն եւ յանձնառութիւններուն, նաեւ իրագործելու ընտանիքին ու մարդկային ընկերութեան մէջ իրենց վերապահուած առաքելութիւնը՝ ի խնդիր իրենց զաւակներուն հոգեմտաւոր զարգացումին։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ օրուան խորհուրդին վրայ, յիշելով, որ մեր եկեղեցին այդ օրը կը տօնէ Ս. Էջմիածինի Տաճարի տօնը, իսկ նախօրեակին նշուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Խոր Վիրապէն ելքի յիշատակը։ Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ս. Էջմիածինի հիմնադրութեան պատմական դէպքերուն, համաձայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հրաշալի տեսիլքին, որ հետեւած էր Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակման, 301-ին։ Ըստ տեսիլքին, Միածինը երկինքէն իջնելով՝ ոսկեայ մուրճով հարուածեց այն վայրը, ուր կը կանգնի Ս. Էջմիածինի մայր տաճարը, այդ պատճառով է, որ տաճարը կոչուեցաւ Էջ-Միածին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ունէր հզօր ու անսասան հաւատք, որուն շնորհիւ, ան 13 տոկաց ամէն տանջանքի եւ փրկուեցաւ Խոր Վիրապէն, արժանի դարձաւ տեսնելու Աստուածորդին։

Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի հատուածին՝ Յովհաննու Աւետարանի 10-րդ գլուխի 22էն 30-րդ համարներուն, ուր Յիսուսի կողմէ կը շեշտուի ճշմարիտ աշակերտութիւնը, եւ իբրեւ իր հօտին անդամները՝ մեզ կը հրաւիրէ հետեւելու իր ուղիին, այնպէս՝ ինչպէս ոչխարները՝ հովիւին։ «Այսօրուան հատուածին մէջ կը տեսնենք, որ հրեաները լսեցին Աստուածորդւոյն խօսքը, սակայն չհաւատացին, տեսան Անոր գործերը, սակայն չըմբռնեցին պատգամը։ Մենք ալ, Աստուածաշունչի էջերէն, վկաներն ենք Իր սքանչելի գործերուն, մեր սրբազան հայրերու պատգամներուն ճամբով հաղորդակից ենք անոնց, հետեւաբար, պէտք է վստահինք եւ համոզումով հետեւինք Իրեն, մեր ճշմարիտ եւ բարի հովիւին, որուն հետեւեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը եւ մեր սրբազան հայրերը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ շարունակեց. «Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը հոգայ մեր պէտքերը, կը սպասէ, որ ականջալուր ըլլանք Իր ձայնին, նուիրուինք Իրեն եւ թոյլ տանք, որ առաջնորդէ մեր կեանքը։ Այս տօնական օրը, եւ ներշնչուած տօնին խորհուրդէն, ընթերցումէն եւ մասնաւորաբար մեր Հաւատոյ Հօր օրինակէն, եկէ՛ք, վերանորոգենք ու ամրացնենք մեր հաւատքը, հետեւինք Աստուծոյ ճամբուն», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։ Աւարտին, հաւատացեալները շնորհաւորեցին Հայր Տաճատը. հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էր ճաշի ընդունելութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022