Առաջնորդ Սրբազան Հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

«ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ»Ի ԱՂՕԹՔ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՈԳԵԼՈՅՍ
Տ. ՄԵՍՐՈՊ Բ. ԱՐՔ. ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՀՈԳՒՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Հ.Յ.Դ.-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ին, Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակիին, որ կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով, նոյն օրը, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ նորոգ վախճանեալ՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ. Արք. Մութաֆեանի հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան 128-ամեակին առիթով եւ շրջանի Հ.Յ.Դ. «Թեհլիրեան» Կոմիտէի խնդրանքով, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի եւ կոմիտէութեան ննջեցեալ ծառայողներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։

Օրուան պատարագիչն էր Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան։ Հաւատացեալներուն կողքին Ներկայ էին «Թեհլիրեան» Կոմիտէի անդամներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ։

Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ եդեմի պարտէզէն Ադամի եւ Եւայի արտաքսման մասին, որուն հետեւանքը կրեց ողջ մարդկութիւնը, իսկ Մեծ Պահքի շրջանը մեզի համար յուշարար է հաւատարիմ ըլլալու Տիրոջ պատգամներուն։ Աստուած մեզի շնորհած է ազատ կամք, որ ունի իր սահմանները, ինչպէս որ ընկերութեան մէջ մեր վայելած ազատութիւնները ունին իրենց սահմանները։ Մեզի տրուած Աստուծոյ պատուիրանները ո՛չ թէ մեզ կաշկանդելու, այլ մեզ մեղքէն ազատագրելու համար են, որպէսզի վայելենք իսկական երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը, այնպէս, ինչպէս որ ճշդուած են օրէնքի եւ կարգ ու կանոնի բարոյական սկզբունքները։ Հետեւաբար, մինչ ամէն օր կը ջանանք օրինակելի քաղաքացիներ ըլլալ, նոյնպէս ալ պէտք է ճիգ ընենք Աստուծոյ հաւատարիմ զաւակները մնալու, մշտապէս իրեն եւ իր կամքին վստահելով։

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը պէտք է կերտենք աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ բարեգործութեամբ, որպէսզի վերանորոգուինք եւ մաքրուինք մտքով, մարմնով եւ հոգիով։ Պահեցողութեան շրջանը ունի երեք գլխաւոր յենարան-թելադրանք. աղօթել եւ Աստուծոյ խօսքը ընթերցել, որպէսզի աւելի մօտէն հաղորդակցինք Աստուծոյ։ Հրաժարիլ ո՛չ միայն կարգ մը սննդանիւթերէ, այլ նաեւ հեռու մնալ յոռի ունակութիւններէ եւ վատ խորհուրդներէ, ինչպիսին են հպարտութիւնը, բարկութիւնը, նախանձը, ատելութիւնը, բամբասանքը, սակայն մանաւանդ պէտք է բարիք գործել, եւ բարիք գործել ու Աստուծոյ շնորհած սէրն ու ողորմածութիւնը բաժնեկցիլ կարիքաւորներու հետ, որպէսզի մեր հոգիները սնանին։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց նորոգ վախճանեալ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ Բ. Արք. Մութաֆեանի օրհնեալ յիշատակին, որպէս հոգեւոր առաջնորդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց եկեղեցւոյ եւ առաջնորդեց իր հօտը սիրով, խոնարհութեամբ, քաջութեամբ, հաւատքով, բարեխղճութեամբ եւ շրջահայեացութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յարգանքով յիշատակեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՅԴ-ի անդամները, որոնք անձնուիրաբար գործեցին, նոյնիսկ զոհաբերեցին իրենց կեանքերը յանուն մեր հայրենի հողերու ազատագրման, մեր իրաւունքներու հետապնդման եւ մեր ազգային ինքնութեան ու դիմագիծի պահպանման։

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, համայնքի զաւակները ուղղուեցան «Արարատ» գերեզմանատունը եւ համախմբուեցան Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին շուրջ, ուր Առաջնորդ Սրբազանը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց ազգային հերոսին յիշատակին։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ Ազգ. վարչութեան անդամ եւ պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետ Տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ անդամներ, «Թեհլիրեան» Կոմիտէի անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկուատներ։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ 128-ամեակի հանդիսութեան, որ կազմակերպուած էր «Թեհլիրեան» Կոմիտէին կողմէ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ քաղաքի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան Մշակութային կեդրոն»ի «Մկրտիչեան» սրահին մէջ։ Օրուան բանախօսն էր Լոս Անճելըսէն ժամանած Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022